Յիսնակացը Յիսնակացը 

ԾՆՈՒՆԴԸ ԹՈՂ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԲՈՑԸ ԴԱՌՆԱՅ։ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի խորհդածութիւնը.

Եկեղեցին այսօր նոյնպէս կ’արձագանգէ եւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները այս կոչը լսելու եւ ապրելու Յիսնակացին ուժը եւ շնորհքը· «Եկո՛ւր ով Տէր, փրկէ՛ մեզ այսօրուան դժուարութիւններէն, համաճարակէն եւ անարդարութենէն»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսնակացի ժամանակ եկեղեցին բարձր հոգեւոր շունչով եւ հետեւողականութեամբ կը կրկնէ առաջին քրիստոնեաներուն աղերսը· «Մարանա թա» (այսինքն՝ եկո՛ւր ով Տէր)։ Մենք քրիստոնեաներս արդեօք վառ կը պահե՞նք մեր Տիրոջ բոցը, ի՞նչ կ’ընենք, նոր Փրկիչը կրկին ընդունելու համար մեր մէջ։

Երբ մեր հաւատամքը կ’արտասանենք, կ’ըսենք· «Մարդացաւ, ծնաւ, կատարելապէս Սրբուհի Մարիամէն, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ մեզի համար, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ նոյն մարմնով երկինք ելաւ եւ նստաւ Հօր աջ կողմը։ Պիտի գայ նոյն մարմինով ու Հօր փառքով, դատելու համար ողջերն ու մեռելները»։ Տիրոջ գալուստը մաս կը կազմէ քրիստոնէական խորհուրդին, որովհետեւ Տիրոջ Օրուան մասին գրեցին եւ յիշատակեցին բոլոր մարգարէները, Յիսուսն ալ յաճախ խօսեցաւ իր աշակերտներուն եւ ժողովուրդին, իր փառքին մասին, եւ որպէս մարդուն որդի, որ եկած է վերջնականապէս փրկութիւն տալու եւ նոր աշխարհ մը ստեղծելու։

Փրկագործութիւնը կը հիւծի եւ կը չարչարուի ինչպէս մօր մը ծննդեան երկունքը, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը կը գտնուի մեղքի եւ ատելութեան մէջ։ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ իր գալուստը մեծ շնորհք մը դառնայ մեր աղաղակներուն եւ պաղատանքներուն, եւ որոնց միջոցաւ Յիսուս կ’իրականացնէ իր խոստումը, քանզի ան խոստացած էր մարդկութիւնը, իր շուտափոյթ գալստեան մասին (Յայտնութեան գիրք, 22,20)։ Եւ իր ձայնը պիտի միանայ անոնց, որոնք պատմութեան ընթացքին անարդարութիւն եւ նեղութիւններ կրեցին, եւ մանաւանդ բռնութիւն եւ աղքատութիւն։

Եկեղեցին այսօր նոյնպէս կ’արձագանգէ եւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները այս կոչը լսելու եւ ապրելու Յիսնակացին ուժը եւ շնորհքը· «Եկո՛ւր ով Տէր, փրկէ՛ մեզ այսօրուան դժուարութիւններէն, համաճարակէն եւ անարդարութենէն»։

Մենք երբեմն կը հարցնենք թէ ո՛վ է քրիստոնեան։ Սուրբ Բարսեղ կը պատասխանէ ըսելով· «Քրիստոնեան այն մարդն է որ ամէն օր եւ ամէն ժամ սթափ է, համոզուած ըլլալով որ Տէրը պիտի գայ եւ օգնութեան պիտի հասնի իրեն»։ Բոլորս կը հարցնենք, արդեօք այսօրուան քրիստոնեաները համոզումո՞վ կը սպասեն Տիրոջ գալուստը։ Եկեղեցին նորէն կը հարցնէ, թէ մենք ի՞նչ կը սպասենք Իրմէ, որպէս նոր Փրկիչ մարդկութեան, որ պատրաստ է մեզ տալու ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը։ Եւ այդ համոզումէն ետք, Ծնունդը կը դառնայ ճշմարիտ բոցը մեր կեանքի եւ ոչ լոկ տօնակատարութիւն մը։

Վերջացնելով, կը մէջբերենք Սբ· Պօղոսի խօսքերը· «Եթէ մենք այս կեանքին համար մենք մեր յոյսը դրինք Քրիստոսի վրայ, մենք մարդոց մէջ ամենէն ողորմելիներն ենք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 07:46