Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԹ)։

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան քարոզներուն և գլխաւոր երգերուն:

ԻԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Մեր այսօրուայ հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Գիշերային ժամերգութեան քարոզներուն և գլխաւոր երգերուն:

Գիշերային ժամերգութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն նաեւ սարկաւագի քարոզները։ Բոլոր ժամերգութիւններուն մէջ կան երկար, ինչպէս նաեւ՝ համառօտ քարոզներ: Քարոզ բառը կը նշանակէ մունետիկ, այսինքն՝ բարձրաձայն յայտարարո­ւող խօսք. որ կ'ազդարարէ թէ ի՞նչ աղօթք պէտք է ըսել, և ընդհանրապէս յորդորական շեշտ ունի: Քարոզները ժողովուրդին ուղղո­ւած զգաստութեան կոչ է և հաւատացեալները աղօթքի կը նախապատրաստեն: Գիշերային ժամերգութեան գլխաւոր քարոզը Մանդակունի Հայրապետի «Զարթուցեալքս»ն է, որ սարկաւագին կողմէ թիւ կամ ձայնաւոր կերպով կ'ըսուի: Քարոզներու պատասխանը ամբողջ դպրաց դասը պէտք է տայ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ ժողովուրդին. սոյն քարոզներէն ետք, «Տէր ողորմեա» ըսելը սովորութիւն է ի դիմաց ժողովրդեան: Այսպէս՝ Պահոց օրերուն 100 «Տէր ողորմեա», որ 100 ոչխարներու ակնարկութիւն է:  Սրբոց օրերուն՝ 50 «Տէր ողորմեա», որ Մատթէոս Դպիրի համաձայն՝ 50 թիւը ազատութեան խորհուրդ ունի:  Իսկ տէրունի տօներուն երեք անգամ «Տէր ողորմեա» կ'արտասանուի ի խորհուրդ Ս. Երրորդութեան: Ժամագիրքի նախնական դրութեան համաձայն՝ քարոզին անմիջապէս կը յաջորդէ աղօթքը, ինչպէս կ'երեւի ժամասացութեան միւս բաժիններուն մէջ: Գիշերային ժամերգութեան պարագային՝ բուն քարոզը և աղօթքը ընդմիջուած են երգերով, որոնք հետագային ներմուծուած են Շնորհալի Հայրապետի կողմէ: Մնացեալ չորս քարոզները կը սկսին «Վասն»-ով և աղօթքները կը պատկանին Սահակ Պարթեւի գրիչին:

Գիշերայինին գլխաւոր երգերը Շնորհալիի հեղինակութիւնը կը կրեն, որ Գիշերապաշտօնը բարելաւեց, և հսկման կարգը հոգեպարար դարձնելու համար, յատուկ երգեր ներմուծեց: Կիրակի օրերը դպիրներու կողմէ կ'երգուի «Յիշեսցուք» երգը, որ ներշնչուած է Դաւթի Սաղմոսի 118-րդ գլխու, 44-րդ համարէն: Տասն անգամ կրկնուող «Զարթիք»ները՝ Դաւթի 56-րդ սաղմոսէն քաղած է Շնորհալին. հրաւիրելով եկեղեցւոյ զաւակները նմանելու հրեշտակներուն, միասին փառաբանելու զԱստուած: «Զարթուցեալքս» երգի հեղինակը անյայտ է, եւ ներշնչուած է «Զարթուցեալքս» քարոզէն: «Անբաժանելի»ն կցորդ է. հայոց մէջ Ե. դարու առաջին նորաստեղծ հոգեւոր երգերը՝ շարականները, կոչուած են կցուրդ կամ կցորդ, որ կարգ մը տօնական առիթներուն կ'երգուին: Շնորհալիի կը պատկանի «Առաւօտ լուսոյ» երգը, որ հաւատացեալը զղջումի կը հրաւիրէ և կը յորդորէ հաւատքով, յոյսով և սիրով զօրանալ, Աստուծոյ բարութեան արժանանալ և կը պարունակէ աստուածաբանական խորք: Ան կ'երգուի կիրակի և տէրունական օրերուն. անոր սկիզբը մակագրուած է. «երգ աղօթական ի դէմս Սրբոյ Երրորդութեան» (նաեւ) իւրաքանչիւր դիմի Երրորդութեան առանձնակի»: Երգը այբենական կարգով գրուած է, 36 տունէ կազմուած է՝ հայկական 36 տառերու համաձայն և զանազան եղանակներ ունի: «Աշխարհ ամենայն» երգին խորքը՝ մարդ արարածին գործած մեղքին ճանաչումն է: Կ'երգուի սրբոց տօներուն: «Աշխարհ Ամենայն» երգը հետեւեալ խորագիրը կը կրէ «ողբերգութիւն անձին զղջացելոյ»: Այս երգին մէջ, Շնորհալին մարդս կը յորդորէ ապաշխարել, մեղաւոր վիճակէն սթափիլ և զղջացեալ հոգիով Աստուծոյ գութը հայցել: Երգը դարձեալ 36 տուն է, Մեսրոպեան այբուբենի 36 տառերուն համաձայն: Դարեր շարունակ այս երգերը ժողովուրդին մէջ մեծ տարածում գտած են: Ասոնք ժամագրքային երգեր կը համարուին, զետեղուած ըլլալով հայ եկեղեցւոյ ժամագիրքին մէջ. բաց աստի, շարական երգի նման չեն կապուած որոշ տօներու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 06:54