Ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ Արցախեան նահատակաց Ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ Արցախեան նահատակաց  

Ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ Արցախեան նահատակաց

«Մենք հայերս Ս. Յարութեան զաւակներն ենք։ Այո՛ պատերազմական կորուստի ենթարկուեցանք, սակայն մենք ենք ու կը մնանք ընդմիշտ յաղթանակներ ի Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս։ Փառք եւ պատիւ մեր անմահ Նահատակաց»։

Հովանաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Կիրակի, 22 Նոյեմբեր, 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արցախի Նահատակաց եւ Հերոսներու յիշատակի օրուան առթիւ՝ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց  Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան։

Յաւուր պատշաճի, մեծաւոր վարդապետը քարոզի ընթացքին նշեց. «Մենք հայերս Ս. Յարութեան զաւակներն ենք։ Այո՛ պատերազմական կորուստի ենթարկուեցանք, սակայն մենք ենք ու կը մնանք ընդմիշտ յաղթանակներ ի Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս։ Փառք եւ պատիւ մեր անմահ Նահատակաց»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները ուղղուեցան դէպի վարժարանիս հրապարակը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն նահատակներու հոգիներուն համար, Խաչքարին շուրջ։

Օրուայ հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր ճեմարանի փոխ տեսուչ՝ Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ հայ քոյրերը գլխաւորութեամբ` միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, եւ բազմաթիւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներ։

ՓԱՌՔ ԵՒ ՊԱՏԻՒ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ։ ԱՂԱՉԵՍՑՈՒՔ ԶՓՐԿԻՉՆ ՄԵՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԶԻ ԶՆՈՍԱ ԸՆԴ ԱՐԴԱՐՍՆ ԴԱՍԵՍՑԷ։

 Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ վարժարան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2020, 07:30