Երանելի Ճովաննի Ռուակ Ի Տիկլէ Երանելի Ճովաննի Ռուակ Ի Տիկլէ 

Քրիստոսի համար մարտիրոսացած, երանելի Ճովաննի Ռուակ Ի Տիկլէ

Պարսելոնայի մայր տաճարէն ներս, Սուրբ Պատարագի ընթացքին երանելի կը հռչակուի Ճովաննի Ռուակ Ի Տիկլէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 7 նոյեմբերին, Պարսելոնայի մայր տաճարէն ներս, տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ ծառայ, մարտիրոս, Ճովաննի Ռուակ Ի Տիլէ-ի երանացման արարողութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Երանացման Սուրբ Պատարագին նախագահեց, Պարսելոնային թեմի Արքեպիսկոպոս, կարդինալ Խուան Խոսէ Օմելլան։

Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի, 19 տարեկանին, ատելութեամբ սպաննուած է  իր դաւանած հաւատքին համար, Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ։

Ճովաննի իր նախնական կրթութիւնը ստացած է կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ, ուր զինք շատեր կը յիշեն որպէս ուսումնատենչ, յարգալից եւ լուրջ երիտասարդ, նաեւ որպէս ամուր հաւատք ունեցող հաւատացեալ, որուն մասին կը վկայեն իր երկու հոգեւոր հայրերը՝ որոնց շատ կապուած էր։

Աղքատ ընտանիքին զաւակ Ճովաննի, փոքր հասակին կը ստիպուի գործի լծուիլ, միաժամանակ շարունակելով իր ուսումները, փաստաբանն դառնալու համար։
Ան ապա կ՝անդամակցի Քաթալանիոյային քրիստոնեայ երիտասարդներուն ակումբին, ուր կը ծանօթանայ իրեն նման բարեպաշտ, հաւատաւոր երիտասարդներուն, կիսելով անոնց հետ քրիստոնէական արժէքներն ու խօսելով Յիսուսի մասին։

Ճովանիին մասին կ՝ըսուի, թէ ան ամէն օր Սուրբ Պատարագի կը մասնակցէր, Սուրբ Գիրքի խորհրդածութիւններ կը կատարէր, խորացուցած է նաեւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան նիւթերը։

Ան մօտէն ուսումնասիրած է ընկերութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ աշխարականի մը դերակատարութիւնը, եկեղեցւոյ ծոցէն ներս այդ հարցերը լուծելու համար։ 

1936ին, Սպանիոյ մէջ ծագած կղերականութեան դէմ պատերազմին ժամանակ, Ճովանի կը ձերբակալուի խումբ մը զինեալներու ձեռքով, ապա կը ատելութեամբ կը սպաննուի ՝հնչելով իր կեանքինն վերջին խօսքը «Կեցցէ Քրիտոս թագաւորը։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 10:34