Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա. կաթողիկոս Հայ ժողովուրդին կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ

Աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ Արցախը մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ այսօ՛ր ու յաւիտեան», գրած է Արամ Ա. կաթողիկոս: Քաղուած «Ազդակ»էն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ ժողովուրդին կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ: Արամ Ա. կաթողիկոս այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Ունկնդրէ լուրը

«Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար: Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ` հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ: Աշխարհը պէտք է իմանայ, թէ բոլոր պայմաններուն մէջ Արցախը մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ այսօ՛ր ու յաւիտեան», գրած է Արամ Ա. կաթողիկոս:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 08:20