Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին 

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ յարգելու Արցախի սրբազան վայրերն ու մշակութային ժառանգութիւնը

«Մենք կը բարձրաձայնենք եւ հետամուտ ենք շրջանին մէջ եկեղեցիներու գործելուն եւ կ՛աղօթենք, որ եկեղեցւոյ առաջնորդները զինուին ուժով եւ իմաստութեամբ` իրենց ժողովուրդը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու համար»

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«9-էն 13 նոյեմբեր, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ վեցշաբաթեայ զինեալ բախումներուն վերջ տալու մասին համաձայնագիրի յայտարարութենէն ետք, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յանձնախումբը հեռակապով կազմակերպած է հանդիպում` Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու այս առանցքային եւ շատ ցաւալի իրավիճակին առնչութեամբ: Կոչ ուղղած ենք դադրեցնելու այս տագնապին պատճառով տեղի ունեցած արիւնահեղութիւնն ու աւերումը:

Ունկնդրէ լուրը

«Կը միանանք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` իմաստութեան, միասնականութեան եւ հանգստութեան համար: Կը ցաւինք մարդկային այն բոլոր սարսափելի կորուստներուն համար, որոնք արձանագրուած են ո՛չ միայն 27 սեպտեմբերէն վերսկսած մարտերու պատճառով, այլ նաեւ շրջանին մէջ ինքնորոշման պայքարի ամբողջ պատմութեան ընթացքին` իւրաքանչիւր թանկագին կեանքի կորուստի հետ աւելի խոր արմատաւորելով թշնամանքը:

«Մենք միասնական կանգնած ենք հայ համայնքներու կողքին, որոնց կը սպառնայ իրենց ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանութեան վերսկսման վտանգը, մասնաւորաբար` հաշուի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած աղմկայարոյց յայտարարութիւնները` «աւարտին հասցնելու այդ առաքելութիւնը, որ դարեր շարունակ կատարած են մեր պապերը Կովկասի շրջանին մէջ», եւ հաշուի առնելով մարտերուն մէջ Թուրքիոյ դերը` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը դատապարտէ որեւէ այդպիսի ուղղակի կամ անուղղակի սպառնալիք, եւ գործողութիւնները բոլոր անոնց, որոնք սադրած են տագնապը եւ սրած բռնութիւնը` միջազգային արգիլուած զէնք մատակարարելով, Սուրիայէն եւ այլ վայրերէ վարձկաններ եւ ժիհատականներ ուղարկելով եւ փորձելով զայն վերածել կրօնական բախումի: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը դատապարտէ քիմիական զէնքի եւ տարանջատուող զինամթերքի օգտագործումը, քաղաքային անձերու, հիւանդանոցներու եւ հասարակական ենթակառոյցներու թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ բոլոր միւս զինուորական յանցագործութիւնները, գլխատումները, խոշտանգումները եւ այլ վայրագութիւնները, որոնց ականատես եղած ենք վերջին շաբաթներուն:

«Մեր կոչն է` յարգել Լեռնային Ղարաբաղի` Արցախի սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը (հակառակ այն հանգամանքին, որ 8 հոկտեմբերին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարի կրկնակի հրթիռակոծումը եւ այլ նոր վայրագութիւններու վերաբերեալ ստացուած բազմաթիւ հաղորդագրութիւնները այլ իրականութեան մասին կը վկայեն): ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը յորդորենք ձեռնարկելու բոլոր կարելի եւ համապատասխան միջոցները` այդ սրբավայրերը պաշտպանելու համար:

«Միջազգային ընտանիքի անդամներուն մեր հրատապ կոչն է` միանալ սուրբ վայրերու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն, բոլոր գաղթականներու եւ տեղահանուած անձերու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան սպառնալիքէն պաշտպանութեան, արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու վրայ հիմնուած տեւական խաղաղութեան հաստատման Լեռնային Ղարաբաղի-Արցախի եւ շրջանի բնակիչներու համար, եւ զերծ մնալ թշնամանք, տագնապ եւ անարդարութիւն սադրելէ կամ խրախուսելէ:

«Մենք կը բարձրաձայնենք եւ հետամուտ ենք շրջանին մէջ եկեղեցիներու գործելուն եւ կ՛աղօթենք, որ եկեղեցւոյ առաջնորդները զինուին ուժով եւ իմաստութեամբ` իրենց ժողովուրդը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու համար»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2020, 07:40