«Հաճեցէք չի մոռնալ Սուրիան» «Հաճեցէք չի մոռնալ Սուրիան» 

«Հաճեցէք չի մոռնալ Սուրիան» Քոյր Անի Տեմիրճեանի կոչը Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկի միջոցաւ։

«Պատերազմը տակաւին չի վերջացաւ, մեր ժողովուրդը տակաւին կը տառապի» կը նշէ քոյր Անին որ կ՛անդրադառնայ նաեւ Քովիտ19 ժահրի տարածումին, ապրուստի անհրաժեշտ ու կենսական ապրանքներու գիներու սղումին, երկրին կղզիացումին ու անոր դէմ կիրակուած պատժամիջոցներուն, որոնք բնակչութիւնը կը մղեն յուսահատութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք Սուրիան», այս է Յիսուս-Մարիամ միաբանութեան անդամ՝ Քոյր Անի Տեմիրճեանի կոչը, որ է նաեւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական հաստատութեան Սուրիոյ ծրագիրներուն համադրողը։

«Պատերազմը տակաւին չի վերջացաւ, մեր ժողովուրդը տակաւին կը տառապի» կը նշէ քոյր Անին, որ կ՛անդրադառնայ նաեւ Քովիտ19 ժահրի տարածումին, ապրուստի անհրաժեշտ ու կենսական ապրանքներու գիներու սղումին, երկրին կղզիացումին ու անոր դէմ կիրակուած պատժամիջոցներուն, «որոնք բնակչութիւնը կը մղեն յուսահատութեան»։

Քոյր Անին ու իր հետ աշխատող անձնակազմը հոգ կը տանին Հալէպի կարիքաւոր 273 ընտանիքներու, իսկ Դամասկոսի մէջ այլ 100 ընտանիքներու։ Անոնց շարքին կան բազմաթիւ տարեցներ, որոնք կը գտնուին վատ կացութեան մէջ եւ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան միջոցաւ անոնց կը մատուցի պէտք եղած օգնութիւնը, թէեւ այս մէկը կը մնայ անբաւարար, որովհետեւ բազմաթիւ են այն անձերը, որոնք սեփական բնակարաններ չունին եւ գործազրկութեան պատճառաւ կարող չեն ոչ իսկ տունի վարձքը վճարել։

«Մենք կ՛ապրինք մեր պատմութեան ամենադաժան պահը, տասը տարուայ արիւնալի պատերազմէն յետոյ»,  դիտել կու տայ Քոյր Անին անդրադառնալով Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան մատուցած մեծ ծառայութեան եւ այդ ծառայութեան միջոցաւ ընտանիքներուն ներշնչած կեանքի յոյսին, ի տես նաեւ այն  յետին աղքատութեան, որուն մէջ կ՛ապրին շատեր, ու շատ մը երիտասարդներ։

«Մենք պէտք է յոյս սերմանենք, եթէ կը բարեհաճիք Սուրիան մի մոռնաք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 07:38