Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԳ)։

Այսօրուայ մեր հաղորդաշարի ընթացքին պիտի անդրադառնանք հայ եկեղեցւոյ ժամերգութեան ծագման:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ մեր հաղորդաշարի ընթացքին պիտի անդրադառնանք հայ եկեղեցւոյ  ժամերգութեան ծագման:

Հայ Եկեղեցւոյ կազմաւորման հնագոյն շրջաններէն մեզի հասած՝ եկեղեցական արարողութիւններու գլխաւոր աղօթագիրքը ժամագիրք կը կոչուի, որ օրուայ ժամերուն վրայ բաժնուած եկեղեցական աղօթամատոյց մըն է: Ժամագիրքը կազմուած է ժամ և գիրք կամ ժամասացութիւն բառէն: Ան կը պարունակէ հայ եկեղեցւոյ աստուածպաշտութեան կարգը, այսինքն՝ այն աղօթքները, քարոզները, շարականները, երգերն ու ընթերցուածները, որոնցմով ամէն օր վանականները վանքերու մէջ, իսկ հաւատացեալները՝ տաճար ժողովելով աղօթք կը կատարեն: Ան ուղեցոյցն է մեր եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւններուն, որոնք օրուան ընթացքին եօթը անգամ մեզ կը հրաւիրեն աղօթելու: Աղօթքը զանազան ժամերու վրայ բաժնելուն նպատակն է՝ իւրաքանչիւր պաշտօն իր ժամուն կատարելու:

Կոչումներ - Պաշտօն

Մեր մատենագիրներու մօտ մեծ անմիաբանութիւն եղած է աղօթքի ժամերու անուանակոչութեան շուրջ: Այդ կոչումները տրուած են Ե. դարէն, իսկ ոմանցը աւելի ուշ: Ս. Սահակ Հայրապետը գիշերային հասարակաց աղօթքին որպէս հնագոյն կոչում գործածած է Պաշտօն բառը, ըսելով. «Ի նոյն պաշտօն քո կանխել միշտ»: Պաշտօն բառը յոյներուն և լատիններուն կողմէ ալ գործածուած է, և կը նշանակէ աղօթքով Աստուծոյ ծառայել:

Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ մեծ պատմիչ՝ Եւսեբիոս Կեսարացին Դ. դարուն կը մատնանշէ առաջին դարերու քրիստոնեաներուն մօտ սաղմոսներուն ընծայուած մեծ կարեւորութիւնը, շեշտելով թէ անոնք աղօթքի գլխաւոր բաժինը կը կազմէին: Այսպէս Առաքելական կանոնի ասորական բնագիրը, որ Դ. դարէն մեզի հասած է, կը պատուիրէ՝ որ «ի պաշտաման եկեղեցւոյ ասասցեն զսաղմոսս և զօրհնութիւնս Դաւթի, պաշտել օր ըստ օրէ յամենայն ժամ (զմարգարէութիւնս Դաւթի ՃԾ սաղմոս»: Նոյն կանոնները կը սահմանեն եւս՝ որ «յԵկեղեցւոյ Գիրք ընթերցին Հին Կտակարանք՝ Օրէնք, Մարգարէք և Նոր Կտակարանք»:

Ս. Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ իր կարգին՝ կը յիշէ Գիշերային պաշտօնը, որ կը կայանայ սաղմոսաց, երգերու և աղօթից մէջ և որոնց կը կցուէին նաեւ՝ ընթերցուածք Ս. Գրոց: Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան Հայրապետ իր կարգին՝ Անտիոքի մէջ կը նկարագրէ իր ժամանակաշրջանի վանականներուն կանոնական աղօթքը ըսելով. հաւախօսի ժամուն, այսինքն՝ այգաբացին. «Վանականները միահառաչ երգեն զմարգարէական Օրհնութիւնս». և կ'արձանագրէ զանազան սաղմոսներ՝ որ անոնց արտասանած աղօթքի մասերն էին:

ԺԶ. դարուն, Յովհաննէս Պատմիչ ու Գրիգոր Խլաթեցի «Ժամակարգութիւն» բառը գործածած են: Եւ որովհետեւ որոշեալ ժամերու հետ կապուած էին այս աղօթքները, «Ժամ» բառը առանձին ալ գործածուած է երբեմն հասարակաց աղօթքի (ու պատարագի) իմաստով:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2020, 07:51