Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին ռմբակոծումէն ետք Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին ռմբակոծումէն ետք 

Դատապարտելով սրբավայրերու ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց շաբաթ, 10 հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:

Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց շաբաթ, 10 հոկտեմբերէն ի զօրու նկատուող զինադադարի խախտումին գծով:

12 հոկտեմբեր 2020 թուակիր հաղորդագրութեամբ նշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոհան Սոսա իր եւ խորհուրդին անունով խոր մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումին պատճառով ինկած զոհերուն համար: Ան յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման լուրերէն, ուր ապաստանած էին քաղաքացիներ: Հաղորդագրութիւնը խիստ կերպով դատապարտեց կրօնական եւ մշակութային կեդրոններու վրայ յարձակումները:

Հաղորդագրութիւնը այս առիթով կոչ ուղղեց շինիչ երկխօսութեան` մաղթելով, որ հոգեւոր պետեր եւ որոշում կայացնող ղեկավարներ խորհրդակցին եւ խաղաղ եզրայանգումի հասնին, յարգելով փոխադարձ մարդկային արժանապատուութիւնը, սրբավայրերն ու խաղաղ համերաշխութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2020, 08:24