Հայր Մաքալլի եւ Նիքոլա Քիաքիօ Հայր Մաքալլի եւ Նիքոլա Քիաքիօ 

Երկու տարի առաջ Մալիի մէջ առեւանգուած Հայր Մաքալլի ազատ արձակուած է

Նախատեսւած է որ հայր Մաքալլի Իտալիա հասնի ուրբաթ, հոկտեմբեր 9-ին։

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 8-ին երեկոյեան, ազատ արձակուած է Մալիի մէջ երկու տարի առաջ առեւանգուած 59 ամեայ Իտալացի Հայր Փիեր Լուիճի Մաքալլին։ Ազատ արձակուած են նաեւ այլ երեք պատանդներ։

Ունկնդրէ լուրը

Ափրիէկի միսիոնարներ միաբանութեան պատկան հայր Մաքալլի  երկու տարի առաջ 2018ին, 17 սեպտեմբերին առեւանգուած էր ահաբեկչական խմբաւորումի մը կողմէ։
Հայր Մաքալլի եւ ու երեք այլ պատանդներ ազատ արձակուած են Մալիի ժամանակաւոր պետութիւնը կասկածեալ 100 ժիհատիսդներ ազատ արձակելէ ետք ։

Հայր Մաքալլի  նախատեսուած է որ Իտալիա  հասնի ուրբաթ, հոկտեմբեր 9ին։

Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը թուիթըրի միջոցաւ ողջունած է Հայր Մաքալլի  ազատ արձակման լուրը   գոհութիւն  յայտնելով Աստուծոյ եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով բոլորն անոնց որոնք աշխատեցան պատանդները ազատելու ի  խնդիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 09:09