Մարոնիներուն Ռաի Պատրիարքը Մարոնիներուն Ռաի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին` խաղաղարար լուծման եւ Հայ ժողովուրդին ազատ ու ապահով ապրելու օրինական պայմաններու հաստատման

Ռայի պատրիարք ցաւ յայտնեց, որ շրջանի ազդեցիկ պետութիւններ ձախողած են հակամարտութիւնը իր զինուորական բնոյթէն խաղաղարար բանակցութիւններու վերածելու մէջ

«Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք մեր եղբայրները, որոնք կը տառապին Արցախի մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տիրող պատերազմին պատճառով», ըսաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարք իր կիրակնօրեայ քարոզին մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Ան Աստուծմէ խնդրեց դադրեցնել պատերազմը, պաշտպանել  քաղաքացիներն ու ամրագրել հրադադարը: Ռայի պատրիարք ցաւ յայտնեց, որ շրջանի ազդեցիկ պետութիւններ ձախողած են հակամարտութիւնը իր զինուորական բնոյթէն խաղաղարար բանակցութիւններու վերածելու մէջ: «Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին` դադրեցնելու բռնարարքները, պահպանելու պետութիւններու գերիշխանութիւնը եւ հայութեան համար միջազգային օրէնքներու ծիրին մէջ օրինական պայմաններ ապահովելու, որպէսզի հայ ժողովուրդը ապրի միասնական, ազատ ու ապահով մթնոլորտի մէջ», ըսաւ մարոնիներու պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 07:40