Աղօթքի օր Աղօթքի օր 

Միացեալ Նահանգներ. «մեր հասարակութիւններու մէջ խաղաղութեան ի սպաս» ազգային աղօթքի օր

Ազգային աղօթի օրը հիմնուած է 2016ին, գերապայծառ Ժոզէֆ Էտվար Քուրցի կողմէ, որ այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին նախագահն էր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին, յառաջիկայ սեպտեմբեր 9-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՝ունենայ աղօթքի ազգային օր«մեր հասարակութիւններու մէջ խաղաղութեան ի սպաս» կարգախօսով, պայքարելու համար, ցեղապաշտութեան մեղքին դէմ։  

Ունկնդրէ լուրը

Ազգային աղօթի օրը հիմնուած է 2016ին, գերապայծառ Ժոզէֆ Էտվար Քուրցի կողմէ, որ այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին նախագահն էր,  ոստիկաններու կողմէ Ափրիկէ ամերիկացիներու սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը  ընթացքին, ցեղապաշտութեան դէմ աղօթքի ազգային օր կը նշուի ամէն տարի Սուրբ Փիեթրօ Քլաեւիրն ծիսական տօնը օրը։

Սուրբ Փիեթրօ Քլաւեր Սպանացի Յիսուսեան միաբանութեան կրօնաւոր մըն էր , որ իր ամբողջ կեանքի նուիրեց ծառայելու ստրկութեան լուծի տակ գտնուող անձերուն, անխնայ պայքարելով մարդավաճառութեան վերացման ի խնդիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2020, 12:27