.«Խաչը՝ մեր հաւատքի Փարոսը»։ .«Խաչը՝ մեր հաւատքի Փարոսը»։ 

Հայր Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը.«Խաչը՝ մեր հաւատքի Փարոսը»։

Քրիստոնեաներուն համար խաչը եղաւ այն կամուրջը, որ մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ մահէն դէպի կեանք եւ կը կերպարանափոխէ հին մարդը՝ տալով անոր աստուածային լուսաւոր զգեստը՝ զինք քրիստոնեայ հաւատքին հրաւիրելով։

Խաչը միջոցն է մարդոց փրկութեան։ Քրիստոսի փրկչագործական խաչելութեամբ է որ չարը պարտուեցաւ եւ մարդկութիւնը ազատեցաւ անոր գերութենէն։ Խաչը, ամօթալիօրէն որպէս գործիք, կը գործածուէր մահապարտներուն կեանքներուն վերջ տալու. ան դարձաւ փրկագործութեան միջոց՝ մարդկութիւնը մահէն դէպի նոր կեանք փոխադրելով։ Հռոմէական հասկացողութեամբ, խաչը մահուան միջոց էր, իսկ Քրիստոսի յաղթական յարութեամբ՝ ան դարձաւ կեանքի աղբիւր, որ եղաւ գրաւականը անդենական եւ երկնային կեանքի ժառանգութեան համար։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Խաչը, որ կը ներկայացնէր խաչուած Քրիստոսը, հրէաներուն համար նկատուեցաւ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմարութիւն։ Քրիստոնեաներուն համար խաչը եղաւ այն կամուրջը, որ մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ մահէն դէպի կեանք եւ կը կերպարանափոխէ հին մարդը՝ տալով անոր աստուածային լուսաւոր զգեստը՝ զինք քրիստոնեայ հաւատքին հրաւիրելով։ Մեղքի պատճառաւ կը հեռանանք Աստուծմէ, կը հեռանանք լոյսէն եւ խաւարին մէջ կը գալարուինք՝ մեղքի ծանրութիւնը մեր վրայ բեռցուած։

Հայ ժռղովուրդը Սուրբ Խաչի հանդէպ ունեցած իր ջերմեռանդութեան պատճառաւ կոչուած է նաեւ խաչապաշտ ժողովուրդ։ Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ այլակրօն պետութիւններէ շրջապատուած ըլլալը աւելիով հայ ազգը կապած են խաչին, որ դարձաւ անոր միակ ապաւէնը արհաւիրքներուն դիմաց։ Խաչը շաղախուած է հայ գիտակցութեան մէջ, դառնալով կեանք բաշխող աղբիւր, որ յագեցուցած է բոլոր անոնք, որոնք դիմած են անոր։

Սուրբ Խաչը կը ներկայանայ հայոց համար, որպէս գիշերը լուսաւորող աստղ, ինչպէս որ պատմութեան ընթացքին խաւարի եւ մշտատեւ վտանգի ենթարկուած եղած է հայ ժողովուրդի կեանքը։ Խաչին ապաւինելով հայը յաղթահարած է ամէն արհւիրք, որ վտանգի ենթարկած է հայ ժողովուրդին կեանքը։

Խաչի մագնիսական խորհրդաւորութիւնը եղած է մեծագոյն գոհունակութիւնը հայ ժողովուրդին, որ քրիստոնէութեան առաջին դարաշրջանէն իսկ, ըմբռնած է խաչի կարեւորութիւնը իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Հեթանոսական կուռքերու քանդումով, խաչեր զետեղուած են Հայաստան աշխարհի ամբողջ տարածքին, որպէս նշան քրիստոնէութեան յաղթանակին։

Դարերու ընթացքին, Եկեղեցւոյ հայրերը յօրինած են շարականներ որոնք հիւսած են Սուրբ Խաչի գովքը։ Հայ ժողովուրդը դիմած է Խաչին, որպէս հոգեւոր եւ մարմնական բժշկութիւն պարգեւող իրականութիւն։ Խաչը եղած է ապաւէն մեղաւորներու, զրկեալներու եւ անիրաւածներու, որոնք իրենց յուսահատ կեանքի մթութեան մէջէն միշտ գտած են յոյսը՝ հետեւելով Խաչի լուսաւոր փայլին։

Մեր շարակնոցին մէջ, շարադրուած են Սուրբ Խաչին մասին շարականներ, որոնք պաշտպանած են հաւատացեալները չարէն եւ կրկին հրաւիրած են զանոնք դէպի հաւատքի աղբիւրին՝ հաւատքի փարոսին։ Յուսահատութեան խորերը ընկղմած անձեր՝ դիմելով Սուրբ Խաչին կերպարանափոխուած են յոյսի վերագտնումով։

Երբ կ’աղօթենք, աւելիով կը լուսաւորուինք. երբ կը լուսաւորուինք, կը տեսնենք աստուածային բարութեան ու ողորմածութեան գագաթնակէտը. իսկ երբ այս վիճակին կը հասնինք, կը սիրենք մեր շուրջինները Աւետարանի հասկացողութեամբ։

Մեղքը մեզ կը հեռացնէ աստուածային երանութիւններէն, սակայն, հաւատալով Սուրբ Խաչի զօրութեան եւ դիմելով անոր՝ որպէս փրկութեան կամուրջ, կը փրկուինք իւրաքանչիւրս անխտիր ու կը միանանք Աստուծոյ, ապրելով մեր քրիստոնեան կոչումը ամէն օր։

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 07:00