Վերջին Ընթրիքը Վերջին Ընթրիքը  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԷ)։

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոցի կազմութիւնը։

ԺԷ. Հաղորդաշար

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

 

Այսօրուան հաղորդաշարի նիւթը պիտի ըլլայ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցի կազմութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրերէն սկսած է կազմուիլ և կարգաւորուած է Ե. դարուն Ս. Սահակ Հայրապետի օրով: Այս նիւթի մասին հետեւեալ ծանօթութիւնը արձանագրուած կը տեսնենք Տօնացոյցի առաջին էջին վրայ:

Հայաստանեայց Եկեղեցին իր կազմակերպման առաջին օրերուն իսկ, Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ պատրաստուած ծիսարան մը ունեցած է, որ իր կազմութենէն ետք երկարող տասնհինգ դարերու ընթացքին՝ հետզհետէ մշակուած և խմբագրուած է երանեալ հայրապետներու և վարդապետներու կողմէ, և իր վերջնական ձեւը ստացած է:

Տօնացոյցի կազմութեան գործին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են հետեւեալ Հայրապետներն ու վարդապետները.

Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին տօնացոյցի կարգաւորման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունենալը բացայայտ ճշմարտութիւն մըն է, որովհետեւ Աստուածաշունչի թարգմանչական հսկայ աշխատանքին կողքին զբաղած է հայ եկեղեցւոյ կողմէ գործածուած ծիսական գիրքերու թարգմանութեամբ: Այս մասին ձեռագիր տօնացոյցերը կը վկայեն. թէեւ մեր պատմիչներուն մօտ յստակ յիշատակութիւն չենք գտներ: Օրմանեան Պատրիարքի համաձայն, «Հայ Տօնացոյցին յատուկ եղող եօթնական ձեւը պէտք է մինչեւ Սահակայ դարը բարձրացնել, քանի որ ոչ մէկ յայտնի յիշատակ չկայ, որ այն ձեւը ապագայ ժամանակներու մէջ մուծուած նորամուտ փոփոխութիւն մը եղած է (Ազգապատում, թիւ 196):

Գիւտ Արահեզացի Կաթողիկոս. Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցի և Ժամագիրքի  ճակատը յիշուած է նաեւ այս անունը, որովհետեւ տօնացոյցի կազմութեան մէջ ինք եւս իր մասնակցութիւնը բերած է. բայց յստակ չէ թէ ինչ աշխատանք կատարած է, քանի որ բացարձակապէս կը պակսին տեղեկութիւններ և վկայութիւններ այդ մասին:

Յովհան Մանդակունի. Ինչ որ ըսինք Գիւտ Հայրապետի մասին, նոյնը կրնանք կրկնել Մանդակունիի մասին: Իբր գլուխ Եկեղեցւոյ աշխատած է զարգացնել հայ եկեղեցական կեանքը՝ հարստացնելով Ժամակարգութիւնը և Մաշտոցը: Ան եկեղեցւոյ ծիսական կարգերուն հաստատուն ձեւ մը տուած է. թէ ինչ ըրած է Տօնացոյցի կարգաւորման ուղղութեամբ ճշգրիտ ոչինչ գիտենք:

Ս. Յովհան Օձնեցի. Ս. Ծննդեան իբրեւ նախատօնակ չորս աւագ տօներու կարգաւորումը Օձնեցի Հայրապետին կը վերագրուի:

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կարգաւորած է որ Հոգեգալուստը՝ եօթ օր, իսկ Վերափոխումը՝ ինը օր տօնախմբուին. Այդ մասին յիշատակութիւններ կը գտնենք ձեռագիր Տօնացոյցերու մէջ:

Գէորգ Սկեւրացի (Լամբրոնացի) վարդապետ. Ձեռագիր տօնացոյցի մը վկայութեան համաձայն՝ ան Սրբոյն Սահակայ Հայրապետի կազմած Տօնացոյցը և Աւետարանացոյցը ստուգած և ընդօրինակած է:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսը (1763-1780) Հայ Տօնացոյցի վերջնական խմբագրումը կատարած է. ան ամբողջական և հաստատուն ձեւ տուած է Տօնացոյցին, զանազան տօներ տեղափոխելով և ազգային տօներ հաստատելով և տարուան իւրաքանչիւր տէրունական տօնին, Սրբոց յիշատակին և Պահոց օրերուն դիմաց, նշանակելով օրուան Պատարագին կամ ժամասացութեան շարականը, սաղմոսը, ընթերցուածը և Աւետարանը:

Աւելին՝ Տօնացոյցին գործածութիւնը մատչելի դարձնելու համար կազմած է երկրորդ հատոր մը, որուն մէջ բոլոր փոփոխութիւնները արձանագրած է հայ լեզուի 36 տարեգիրերու համաձայն: Այնտեղ, տարեկան դասաւորութեանց ամէն մանրամասնութիւնները կու տայ, այսինքն 36 տարեգիրներու վրայ՝ նոյնչափ տեսակ փոփոխութիւնները կը ցուցնէ, որոնք յառաջ կու գան Զատկի տօնին Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 տարբերելէն: Այդ փոփոխութեանց համեմատ սկսած են իւրաքանչիւր տարի օրացոյցներ հրատարակել Էջմիածին, Կ.Պոլիս ու Երուսաղէմ, որ իւրաքանչիւր օրուան պատշաճներն ալ կը ցոցնեն ու առձեռն տօնացոյց մը դարձած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 07:17