Մխիթար Աբբահայր Մխիթար Աբբահայր 

Աղօթք՝ Մխիթար Աբբահօր բարեխօսութիւնը հայցելու համար։

Ամենասուրբ Երրորդութիւն, Հայր, Որդի և Սուրբ Հոգի, Աստուած անհուն սիրոյ, կ՚աղաչենք խոնարհաբար որ հաճիս փառաւորել քու ընտրեալ ծառադ՝ Մխիթար Աբբահայրը

Ամենասուրբ Երրորդութիւն, Հայր, Որդի և Սուրբ Հոգի, Աստուած անհուն սիրոյ,

կ՚աղաչենք խոնարհաբար որ հաճիս փառաւորել քու ընտրեալ ծառադ՝ Մխիթար Աբբահայրը,

որպէսզի մենք ալ քաջալերուինք իրեն պէս առաջանալու խաչի ճամբէն, վարձատրուելու համար արքայութեան մէջ։

Զօրացուր մեր հաւատքը քու աստուածային Նախախնամութեանդ վրայ,

լուսաւորէ՛ մեր միտքը երկնային ճշմարտութիւններով,

բորբոքէ՛ մեր սիրտը աստուածային սիրովդ եւ Քու փառքիդ եւ հոգիներու փրկութեան նախանձախնդրութեամբ:

Մխիթար Աբբահօր պաշտպանութիւնը տարածէ՛ մեր վրայ

եւ իր բարեխօսութեամբ պարգեւէ մեզի շնորհքը [...],

որ վստահութեամբ կ՚աղերսենք քու հայրական բարութենէդ: Ամէն:

Երեք «Հայր Մեր», «Ողջոյն», «Փառք Հօր»։

 

Արտօնութեամբ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի։

Վենետիկ, 9 Դեկտեմբեր 2019, ի Տօնի Անարատ Յղութեան Ս. Կ. Մարիամու

Ստացած շնորհքներու մասին տեղեկացնել. Congregazione Armena Mechitarista - Ufficio della Postulazione Isola di S. Lazzaro degli Armeni – 30126 Venezia-Lido (Italia) Էլ. հասցէ postulazioneabatemechitar@gmail.com

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 08:01