Հայ երեք Համայնքապետներուն նախագահութեամբ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ  երեկոյեան ժամերգութիւն Հայ երեք Համայնքապետներուն նախագահութեամբ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն 

Հայ երեք համայնքապետներուն նախագահութեամբ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ զօրակցական աղօթք Արցախի եւ Հայոց բանակի անսասանութեան համար

Հոգեւոր պետերը իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն, անսպառ ուժ եւ կորով մաղթեցին հայկական բանակի կամաւոր զինուորներուն եւ խաղաղ օրեր՝ Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան:

Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հայ երեք Համայնքապետներուն նախագահութեամբ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ զօրակցական աղօթք՝ Արցախի մեր հայրենակիցներուն, Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան եւ հայոց բանակին անսասան պահպանման համար,:

Արարողութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի զինուորներ, սուրիահայ երեք կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, երեք համայնքներու հոգեւորականներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:

Դպրաց դասը մեր հայրապետներու աղօթքներով եւ շարականներով ներկաներուն հոգիները համակեց Հայ եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութեամբ: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Գերապայծառ Տէրը եւ Պատուելի Սիմոնը յաջորդաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած հայցելով, որ շուտով խաղաղութիւն հաստատուի Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանին վրայ եւ Արցախի մեր բնակավայրերը վերագտնեն իրենց ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Անոնք հաստատեցին, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք մէկ բռունցք կազմելով տէր պիտի կանգնին մեր պապենական սրբազան հողերուն եւ ձախողութեան պիտի մատնեն մեր դարաւոր թշնամին:

Քրիստոսի Սուրբ Խաչի աստուածային զօրութեան ապաւինելով անոնք մաղթեցին, որ թշնամիին խաւարային ծրագիրները խորտակուին եւ ազատ ու անկախ Արցախը վերագտնէ իր պայծառութիւնը:

Հոգեւոր պետերը իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն, անսպառ ուժ եւ կորով մաղթեցին հայկական բանակի կամաւոր զինուորներուն եւ խաղաղ օրեր՝ Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ողջունեց ներկաները, որոնք եկած էին աղօթակից դառնալու եւ զօրակցելու Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդին եւ յանուն Սուրիահայութեան անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի մեր պետականութեան, հայոց բանակին եւ խաղաղ բնակչութեան:

«Հայ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքական ներկայութիւնը եւ միասնական աղօթքը լաւագոյն դրսեւորումն է հաստատելու սուրիահայութեան անվերապահ զօրակցութիւնը հայրենիքի եւ Արցախի մեր ժողովուրդին», ըսաւ սրբազան հայրը:

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ:

«Քաղուած Գանձասար»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 08:57