Երուսաղէմ Երուսաղէմ 

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համաշխարհային շաբաթը սեպտեմբերին։

Հաւաքը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ նպատակ ունենալով խթանել արդար խաղաղութիւն մը ըլլայ տարածաշրջանին մէջ, ըլլայ այդ տարածաշրջանը բնակող մարդոց սրտերուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ստեղծագործ զօրակցութիւն՝ միասնական դիւրաբեկութեան մէջ»։  Այս է 2020 տարուայ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համաշխարհային շաբաթուան բնաբանը, կազմակերպուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի կողմէ, զոր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14էն 21 սեպտեմբերին եւ կ՛ուզէ հանդիսանալ վկայութեան պահ մը տարածաշրջանին մէջ՝  «խթանելու համար արդար խաղաղութիւն մը»։  

«Համաշխարհային առաջնորդներուն ինչպէս նաեւ հանրային կարծիքին կը յիշեցնենք թէ խաղաղութիւնը դիւրաբեկ գործընթաց մըն է» նշուած է այս առթիւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ կ՛ընդգծուի թէ «Ան հոմանիշը չէ պայմանագիրերու եւ ռազմավարական համաձայնութիւններու» այլ «խոր զգացում մը՝ որ արմատացած է սրտերուն մէջ»։   

«Այս բոլորը մինչ պատերազմները, բռնութիւնը, ատելութիւնը եւ ընկերային անարդարութիւնները ու Քովիտ19 ժահրի հետեւանքները, աւելիով սրացուցին մարդկային դիւրաբեկութիւնը» կը նշէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը։

Պաղեստինն ու Իսրայէլը կ՛ապրին «փխրուն իրավիճակ» մը, որուն դիմաց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը վերահաստատէ «աղօթքին զօրութիւնը», որովհետեւ միայն Աստուծոյ հոգին է՝ որ կարող է մեղմացնել սրտերը ու փոխակերպել վերաբերմունքները։ 

Աղօթքի համաշխարհային շաբթուայ ընթացքին, որ պիտի աւարտի ճիշդ խաղաղութեան միջազգային օրուան օրը՝ 21 սեպտեմբերին, եկեղեցական կազմակերպութիւնները, միաբանութիւնները, հաւատացեալները, հրաւիրուած են  միասնական վկայութիւն տալու, մասնակցելով ծիսական արարողութիւններու եւ  դաստիարակչական  ձեռնարկներուն, որոնք կը միտին խթանել խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը՝ Իսրայէլացիներու  եւ Պաղեստինցիներու միջեւ։  

Նախաձեռնութեան առթիւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը պատրաստած է նաեւ ուղեցոյց գրքոյկ մը, որուն մէջ պարունակուած են աղօթքներ, խորհրդածութիւններու եւ խաղաղութեան խթանումին համար առաջարկներ։ Օրինակի համար կ՛առաջարկուի Միջին Արեւելիքի մասին կարդալ եւ ունկնդրել ժամանակակից տեղեկութիւններ, աւելի լաւ հասկնալու համար տեղական իրականութիւնը, կ՛առաջարկուի նաեւ միասնական աղօթքներ կազմակերպել ընդմէջ կրօնական ղեկավարներուն, ապա տեղական քաղաքական մարդիկը ներգրաւել՝ որպէսզի բանբերը դառնան՝ Սուրբ Երկրին մէջ խաղաղութեան կարեւորութեան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2020, 06:14