Վերջին Ընթրիքը Վերջին Ընթրիքը  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԶ)։

Այսօրուան մեր նիւթը պիտի ըլլայ ծիսական տարուայ կեդրոն հանդիսացող՝ Զատկուայ տօնին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Ժզ. Հաղորդաշար

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօրուան մեր նիւթը պիտի ըլլայ ծիսական տարուայ կեդրոն հանդիսացող՝ Զատկուայ տօնին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տաղաւար տօնը Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Զատիկ Յարութեան տօնակատարումն է:

Մեր Հայրերը Քրիստոսի Յարութեան հանդէպ այնպիսի խոր յարգանք ու պաշտամունք ունեցած են, որ Զատիկը դարձուցած են մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին կեդրոնը, որուն շուրջ կը դառնան մեր միւս տօները, ինչպէս արեւը արեգակնային դրութեան մէջ:

Զատիկի տօնակատարութեան թուականը մինչեւ օրս բոլոր Եկեղեցիներուն մօտ շարժական է, պատճառը այն է որ Զատիկը և Զատկին կապուած տօները, կը տօնուին լուսնային հաշիւով՝ այսինքն գարնան գիշերահաւասարի լուսնի լրման յաջորդող կիրակին, եւ կը տարուբերուի Մարտ 22-էն Ապրիլ 25. այսինքն՝ 35 օրերու շարժականութեամբ:

Աշխարհիս վրայ Հայ Եկեղեցին միակն է, որ Տօնացոյցին բոլոր տօները կ'առընչէ ու կը դասաւորէ Զատիկին խորհուրդին և թուականին հետ: Զատիկը գրեթէ ամբողջ տօնացոյցը շարժական կը դարձնէ: Հայ Տօնացոյցին մէջ տօներուն, սուրբերուն ու պահքերուն թուականները Զատիկին թուականին հետ շարժական կը դառնան, ամէն տարի թուական կը փոխեն, բացի քանի մը տօներէ, զորս պիտի նշենք:

Այս տօնին առաջին հետաքրքրական երեւոյթը որուն կը հանդիպինք, այն է, որ գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու կողմէ այս տօնին տրուած են զանազան անուններ: Յոյներ ու Արեւելեան այլ քրիստոնեաներ կը կոչեն Բասխա, որ ծագում առած է եբրայական Ֆսեխ կամ Բեսախ բառէն, որ Հին Կտակարանին մեծագոյն տօնակատարութեան անուանումն է: Լատին Եկեղեցին զայն կ'անուանէ Բասքալիա. Ֆրանսացիները՝ Բաք, անկլո-սաքսոնները՝ Իսթըր, իսկ Հայերն ու Վրացիները Զատիկ:

Զատկուայ տօնը հաստատուած էր Աստուծոյ հրամանով և Մովսէս մարգարէի միջոցով՝ ի յիշատակ Իսրայէլի ժողովուրդի եգիպտական գերութենէն ազատագրման:

Պասէքի տօնի և Քրիստոսի Յարութեան դէպքի պատմական կապը այն է, որ Քրիստոսի խաչելութիւնը տեղի ունեցաւ հրէական պասէքի տօնին, որ կը տեւէ մէկ շաբաթ: Իսկ Յարութիւնը Պասէքի երրորդ օրը: Պատմական այս զուգորդումներէն զատ՝ նաեւ իմաստային սերտ նմանութիւններ կային նշուած երկու դէպքերուն միջեւ:

Պասէքը ինչպէս ակնարկեցինք, եբրայեցի ժողովուրդին Եգիպտոսի գերութենէն և չարչարանքէն ազատուելուն յիշատակն է: Նոյն երեւոյթը կրկնուած էր նաեւ Քրիստոսի պարագային, երբ չարչարանքէն, խաչելութենէն ու մահէն յետոյ, տիրացած էր յաւերժական կեանքին: Արդարեւ, Պասէքի գիշերը մորթուող և ճաշակուելիք գառնուկի արիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունէր Իսրայէլի ժողովուրդին փրկագործութեան մէջ: Իսկ Քրիստոսի արեան հեղմամբ՝ ազատագրուեցաւ «Աստուծոյ գառնուկը», բան մը որ Նոր Կտակարանը կը հաստատէ:

Հայ ժողովուրդը Զատիկ անուանումը տուած է թէ՛ Պասէքին և թէ՛ Քրիստոսի Յարութեան յիշատակութեան, որովհետեւ Քրիստոնեայ դառնալէն յետոյ դարձած էր անոր նոր կրօնքի գլխաւոր տօնը:

Ի դէպ՝ Զատիկ բառը մեր նախնիները կապած են գարնանամուտին հետ, որովհետեւ նկատի ունենալով որ հայկական բարձրավանդակին ձմեռը երկար ու խստաշունչ էր, հետեւաբար գարնանամուտը աւետաբեր ու երջանկաբեր էր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2020, 06:56