Սուրբ Էջմիածինի մէջ հոգեհանգիստ՝ Պէյրութի ուժգին պայթումի զոհերու յիշատակին Սուրբ Էջմիածինի մէջ հոգեհանգիստ՝ Պէյրութի ուժգին պայթումի զոհերու յիշատակին 

Սուրբ Էջմիածինի մէջ հոգեհանգիստ՝ Պէյրութի ուժգին պայթումի զոհերու յիշատակին

Ներկայ հոգեւոր դասը եւ ժողովուրդը Հայոց Հայրապետի գլխաւորութեամբ աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ Պէյրութի պայթումի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ, Օգոստոս 9-ին, մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչը եղած է Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ`Օգոստոս 4-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն համար:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի էջով փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Սուրբ Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ-ի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Մայա Տաղեր, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի ծրագրերու պատասխանատու տիար Վազգէն Յակուբեան, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ լիբանանահայեր:

Ներկայ հոգեւոր դասը եւ ժողովուրդը Հայոց Հայրապետի գլխաւորութեամբ աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ Պէյրութի պայթումի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:

Հոգեհանգստեան կարգէն առաջ՝ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ յիշեալ ողբերգալի իրադարձութեան վերաբերեալ իր վշտակցութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2020, 07:13