Ուխտաւոր դէպի երկինք Ուխտաւոր դէպի երկինք 

«Մտէ'ք նեղ դուռէն» Մատթէոս 7, 13։ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

«Թող ո'չ ոք յուսայ, որ հանգստութեամբ կրնայ երկինքը տեսնել, ատիկա անկարելի է: Երբ մէկը պերճագեղ բաղնիքներու մէջ, առատ սեղաններու շուրջ, արբեցութեամբ եւ այլ հեշտութեանց մէջ տեսնես, երբե'ք անձդ խեղճ մի' համարեր, թէ այդ բաները չես վայելեր, այլ՝ խղճա' ատոր վրայ, որովհետեւ ատիկա կորստեան ճամբով կ'ընթանայ»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Շուկայէն երբ տուն կը վերադառնանք մեր ձեռքերը բեռնաւորուած տոպրակներով, դուռէն ներս մտնելու դժուարութեան կը բախինք. որովհետեւ, դուռը նեղ է բաղդատմամբ տոպրակերուն գրաւած  ծաւալին: Դուռը արմուկով կամ ոտքով քիչ մը կը հրենք, կը հրմշտկենք, կը զարնուինք աջ ու ձախ՝ ճամբայ բանալու: Անկարելիութեան պարագային, կը հարկադրուինք քանի մը տոպրակ դուրսը թողուլ՝ տունէն ներս մտնել  յաջողելու համար: 

Այս իրողութիւնը անհրաժեշտ է ըմբռնելու համար, թէ ի'նչ կը նշանակէ ջանալ նեղ դուռէն մտնել, որուն կ'ակնարկէ Յիսուս վերոնշեալ Աւետարանին մէջ: 

Արդարեւ, նեղ է դուռը կեանքին: 

Քրիստոնէութիւնը ամէնէն դժուար կրօնքն է. որովհետեւ, անիկա այլազան ու բազմաթիւ զոհողութիւններ եւ անձնուրացութիւններ կը պահանջէ: 

Իսկապէս ալ, օր մը, տեսնելով, որ Իրեն հետեւողներէն ոմանք խիստ գտնելով Իր խօսքերն ու քարոզած վարդապետութիւնը՝ զԻնք ձգեցին ու հեռացան, Յիսուս Իր աշակերտներուն դառնալով՝ հարցուց. «Դո՞ւք ալ կ'ուզէք երթալ: - Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. - ո՞ւր երթանք, Տէր, յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս Դուն» (Յովհաննէս 6, 67-70): 

Իրօք, խիստ են Վարդապետին խօսքերը, որոնք կը նմանին նեղ դուռի մը, որմէ մտնելու համար պարտինք բեռնաթափել մեր վրայէն ինչ ինչ ծանր ու անպէտ արգելքներու տոպրակներ. մեղքը, հպարտութիւնը, անձնասիրութիւնն ու փառամոլութիւնը: 

Դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող ճանապարհը կը պահանջէ, որ անընդհատ ուշադրութիւն դարձնենք եւ ջանք թափենք այդ տոպրակներէն ձերբազատուելու համար. այլապէս, կը մնանք դուռին թեւերուն մէջ՝ «աքցանուած»: 

Մեր վրայէն թօթափելու համար այդ տոպրակները, մեզի շնորհուած է Խոստովանանքի տուրբ Խորհուրդը: Հո'ն է, որ կրնանք վար դնել մեր մեղսաթաթաւ բոլոր բեռները : 

Հօր Աստուծոյ կողմէ առաքուած «Ամէն ինչ սորվեցնող Սուրբ Հոգին» (Յովհաննէս 14, 26) մեր խղճին խօսելով՝ պիտի լուսաւորէ մեր միտքը, որպէսզի գիտակցինք մեր գործած  պատուիրազանցութիւններուն  ծանրութեան: Հետեւաբար, մեզի կը վիճակի անսալու Անոր անսխալ ներշնչումներուն: 

Աստուած սուրբ ըլլալուն համար՝ դուռը նեղ ըրաւ, որպէսզի մեզ ազատէ ամէն արգելքէ, որ մեզ Իրմէ հեռու կը պահէ: Այդ նեղ դուռը ԶՂՋՈՒՄԻ շնորհքն է, որով կրնանք վանել բոլոր խոչընդոտները՝ մտնելու համար Երկինքի Արքայութեան մէջ:  

Բարսեղ Մաշկեւորացի վարդապետը, որ ապրած էր 13-րդ դարու վերջը եւ 14-րդ դարու սկիզբը, իր «Յորդորակներ» հատորին մէջ կը գրէ. «Թող ո'չ ոք յուսայ, որ հանգստութեամբ կրնայ երկինքը տեսնել, ատիկա անկարելի է: Երբ մէկը պերճագեղ  բաղնիքներու մէջ, առատ սեղաններու շուրջ, արբեցութեամբ եւ այլ հեշտութեանց մէջ տեսնես, երբե'ք անձդ խեղճ մի' համարեր, թէ այդ բաները չես վայելեր, այլ՝  խղճա' ատոր վրայ, որովհետեւ ատիկա կորստեան ճամբով կ'ընթանայ»:  

Հ. Գ. Զ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 07:24