Աղթամարի Կղզին Աղթամարի Կղզին  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. «Չըսես Չկամ…»

Աստուած երբեք պիտի չըսէ՛ չկամ, որովհետեւ առանց Աստուծոյ ոչինչ կայ, իսկ արդարութիւնը առանց Աստուծոյ, ժամանակաւոր լուծում մը պիտի ըլլար միայն ծիծաղելի արդիւնքով: Իսկական արդարութիւնը Ան կրնայ իրագործել՝ որ էր, է եւ պիտի ըլլայ յաւիտեան:

Աշխարհի մէջ տիրող անարդարութեան, մարդոց ձեռքով գործադրուող աղէտներու, անմեղ անձերու կրած տառապանքին եւ զրկանքներուն ի տես, աստուածավախ մարդոցմէ ոմանք կը յուսահատին: Նոյնիսկ բնական աղէտներու ենթարկուող մարդիկ, որոնք գիտե՛ն որ գետի յորդումին հետեւանքով իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցին, եւ կամ` փոթորիկներու ու կայծակներու պատճառո՛վ բռնկեցաւ ու մոխրացաւ իրենց տունն ու այգին, դարձեալ յանցաւոր մը փնտռելէ չե՛ն դադրիր:

Մարդկային ուժի խեղճացման ու տկարացման բացայայտ հետեւանք է յուսահատութիւնը: Սիրելիներու յատկապէս անժամանակ ու արկածահար կորուստը, հոգեկան ու նիւթական յանկարծական սնանկացումը, սիրային յուսախաբութիւն մը եւ այլ շատ անձնական բնոյթի պատճառներ առիթ կը հանդիսանան յուսահատութեան, որուն անկանխատեսելի հետեւանքը կը կրէ նախ յուսահատութեան մատնուած ենթական, յաճախ իր ձեռքով գործադրուած վնասակար արարքներով, եւ ապա անոր շրջապատը՝ մորմոքող ցաւով ու բեկուած սրտի դառնագոյն վշտով:

Անձնասպանութիւնը ահաւորագոյնն է յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան հետեւող արարքներուն, որուն կը դիմեն ո՛չ միայն անել կացութեան մատնուած մարդիկ, այլեւ անպայման մտային վայրկեանական ցնցումով իրենց որոշումը գործադրելու ստիպողութեան առջեւ գտնուող անհատներ:

Իր ութսուներորդ գարունը ամբողջացուցած եւ կեանքի ընթացքին շա՜տ տաք ու պաղ օրեր տեսած ծանօթ բարեկամս կ՛ըսէր. «Ո՛չ մէկ վայրկեան մտածած եմ անձնասպանութեան մասին»: Ասիկա ուրիշ բան չէ՛, եթէ ո՛չ կեանքի բոլոր վատ ու տխուր երեւոյթները ոչնչութիւն համարելու եւ զանոնք տապալելու կարողութեան զօրեղ արտայայտութիւն:

Կեանքի ընթացքին շատ քաջակորով մարդոց հանդիպելով ու զանոնք մօտէն ճանչնալով, ոմանք ինքնավստահութեամբ կը յայտարարեն ըսելով, «Այս մարդը ո՛չ մէկ բանէ կը վախնայ…»: Սակայն այս քաջութիւնը յաճախ այս տեսակ մարդոց ֆիզիքական ուժին եւ կամ արտաքին տոկուն կազմուածքին համար տրուած վկայութիւն մը չէ՛ անոնց, այլ մասնաւորաբար անոնց հոգեկան արիութեան եւ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու երկնատուր կարողութեան համար տուած վկայութիւն է:

Աստուածաշնչական դէմքերուն մէջ, այս իմաստով հզօրագոյնը Յոբ երանելին է, որու կրած փորձութիւններէն նուազագոյնը եթէ այսօր մեզմէ մէկուն պատահէր, արդէն յուսահատութեան դռնէն ներս անցած կ՛ըլլայինք: Սակայն անոր հոգեպէս անվեհեր նկարագիրն է, որով ան անտեսեց ամէն տեսակի փորձութիւն եւ աղէտ, ու զանոնք ոչնչութիւն համարելով, վստահեցաւ Աստուծոյ զօրութեան եւ փրկուեցաւ:

Քոչուոր, թափառական կամ վաչկատուն ցեղերու նման կը դառնան մարդիկ, ընդհանրապէս երբ աղէտահար կ՛ըլլան: Տուն ու տեղ չունեցող վաչկատուններուն բնակարանը իրենց լարած վրանն է, զոր կը բանան այնտեղ, ուր յարմար արօտավայր կայ իրենց անասունները արածելու, ինչպէս նաեւ այնտեղ, ուր ըմպելի հոսուն ջուր կայ՝ իրենց եւ իրենց անասուններուն կենցաղային պայմանները լրացնող:

Աղէտահար երկիրներուն օժանդակութեան փութացող այլ երկիրներ ու մարդասիրական կազմակերպութիւններ անմիջական օգնութեան ձեռք մեկնելով աղէտեալներուն, վերոյիշեալ պայմանները կը լրացնեն՝ ջուր, վրան, սննդեղէն եւ դեղորայք տրամադրելով, իբրեւ առաջնահերթ հոգատարութիւն: Ուրեմն, աղէտի գօտիներուն մէջ պարզուող վերոյիշեալ ընդհանուր տեսարանը մարդկային ամէնէն աւելի զարգացած հաւաքականութիւնը իսկ կրնայ վաչկատուն ցեղի ապրելակերպին նման ցոյց տալ:

Աղէտի մը բովէն անցնող հաւաքականութեան մը բոլոր անդամները չէ, որ յուսահատութեան գիրկը կ՛իյնան, կամ թափառական ցեղերու նման իրենց կապոցները կը պատրաստեն չուելու այլ երկիրներ: Շատեր կամքի հզօր ուժին վստահած, իրենց վերապրելու ներքին ձայնին ականջալուր, ինչպէս նաեւ համամարդկային մարդասիրական անմեռ ոգիին ապաւինած, շուտով դուրս կու գան հոգեցունց պահերու թողած ճնշիչ ազդեցութենէն, վերաշինելով աւերուածը եւ շարունակելով կեանքը:

Հոգեկան բարդ կացութիւններէ ձերբազատուած, ազատ մտածողութեան ու առողջ տրամաբանութեան բաց պատուհաններով օժտուած միտքը, աղէտէ փրկուած մարդուն առիթ կու տայ վերամտածելու դէպքին մասին, գտնելու համար գլխաւոր յանցաւորը, դատաստանի յանձնելու համար զայն: Սակայն կը պատահի, որ յանցաւորը այնքան հանգուցուած կծիկներու մէջ փաթթուած կ՛ըլլայ, որ անհնարին կը դառնայ ականջէն բռնելով զայն դուրս քաշելը:

Մարդկային դատաստանէն փախչելէ ետք, մարդիկ կը մոռնան որ կայ աստուածային դատաստանը, որմէ փախչիլը անհնար է: Արդար մարդիկ իրենց յոյսը ա՛յս դատաստանին վրայ կը դնեն, երբ տեսնեն, որ մարդոց դատաստանը յաճախ անկար, անարդար եւ խարդախ է: Սակայն այս պարագային եւս, ոմանք այնքան վիրաւորուած կ՛ըլլան անարդարութեան ճիրաններուն մէջ խաղալիքի վերածուելէն, որ Աստուծոյ դառնալով կ՛ըսեն. «Օր մը չըսե՛ս, որ չկամ…»: Հաւատքով ու համբերութեամբ արդար դատաստանին վստահած մարդոց թիւը շատ է, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ այդ արդարութեան պտուղը չճաշակած հրաժեշտ տուած են այս կեանքին, սակայն իրենց աչքերը փակած պահուն իսկ հաւատացած են, որ միւս աշխարհի մէջ պիտի վայելեն իսկական արդարութիւնը:

«Այո՛, օր մը չըսե՛ս, որ չկամ», կը կրկնէր հաւատացեալ ծանօթ մը, իր անմիջական գործակիցներէն մէկուն կողմէ քանիցս իրաւազրկուելէ ետք: Ան կը խոստովանէր նաեւ ի՛ր յանցանքը, որ ընդհանրապէս այս աշխարհի արդար մարդոց գործած ամէնօրեայ «սխալ»ներէն մէկն է. վստահիլ հանդիպած ամէն մարդու, զայն նկատելով իր հարազատը:

Ահա թէ ինչո՛ւ կը տուժեն ընդհանրապէս արդար եւ ուղղամիտ մարդիկ: Անոնք կը մոռնան, որ սատանան մարդու կերպարանքով կը շրջագայի: Մեր գաւառական հաւատալիքներուն մաս կը կազմէր այն, որ սատանաները սեւ գլխարկ կը կրեն, այդ պատճառով տեսանելի կը դառնան մարդոց: Սակայն երբ անոնք պիտի լծուին չար առաքելութեան մը, գլխարկնին կը հանեն եւ անտեսանելի կը դառնան: Եթէ ուզենք յաւելում կատարել մեր նախնիներուն այս հաւատալիքին վրայ, կրնանք ըսել, որ չար մարդոց ներկայութիւնը կը լեցնէ արդէն սատանաներուն «գլխարկը հանելու» պահը, անոնց երեւելի գործակիցները դառնալով, նոյնիսկ իրենց անմիջական հարազատներու շրջապատին մէջ:

Աշխարհի ալեկոծ ծովուն մէջ մեր կեանքի նաւը յանձնած ենք իսկական Նաւապետին: Վա՜յ այն հաւատացեալին, որ կը վախնայ ա՛յն նաւուն ապահովութեան վրայ, որուն մէջ Յիսուս ներկայ է, նոյնիսկ քնացած վիճակով…:

Աստուած երբեք պիտի չըսէ՛ չկամ, որովհետեւ առանց Աստուծոյ ոչինչ կայ, իսկ արդարութիւնը առանց Աստուծոյ, ժամանակաւոր լուծում մը պիտի ըլլար միայն ծիծաղելի արդիւնքով: Իսկական արդարութիւնը Ան կրնայ իրագործել՝ որ էր, է եւ պիտի ըլլայ յաւիտեան:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 07:01