Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաք Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաք 

Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքէն մէկ տարի ետք։ Եպիսկոպոսները կը շարունակեն աղօթքով ընկերանալ երիտասարդներուն։

Երիտասարդներու հովուական ծառայութիւնը «մեկուսացումի մէջ չէ։ Սիրելի երիտասարդներ, ձեզի համար նոր պատմութիւն մը կը սկսի, որուն դերակատարները դուք էք ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամայի մէջ կայացած Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքէն մէտ տարի ետք, Փանամայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը որոշեց օգոստոս ամիսը նուիրել Երիտասարդներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Փանամայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան պատասխանատու, գերապայծառ Մանուէլ Օգոկավիա Պարահոնայ, «Եու թուպի» վրայ հրապարակեց պատկերասփռուած պատգամը մը, որուն մէջ զրուցեց Քովիտ 19-ի համաճարակէն յառաջացած  դժուարութիւններուն մասին, եւ որոնց յաղթահարելու համար գերապայծառը ընդգծեց  երիտասարդներուն ստեղծագործական հոգիին հրամայականը որ« միակն է որ ի վիճակի ապահովաբար յաղթել ժամանակից դժուարութիւններուն»նշեց Գերապայծառը, պատկերասփռուած պատգամին մէջ ան ապա յորդորեց յառաջ ընթանալ հռչակելով Աւետարանի ուրախութիւնը, մնալով միացած, աշխատելով ու պայքարելով կարիքաւոր երիտասարդներու օգնութեան ի խնդիր։

«Երիտասարդներու հովուական ծառայութիւնը մեկուսացումի մէջ չէ։ Սիրելի երիտասարդներ, ձեզի համար նոր պատմութիւն մը կը սկսի, որուն դերակատարները դուք էք ։ նշած է Փանամային եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի եպիսկոպոսը,  աւելցնելով, որ  Փանամայի Եպիսկոպոսները երիտասարդներուն աղօթքով պիտի ընկերանան նման ջահին, որ պիտի լուսաւորէ  Փանամային համայն երիտասարդները։«Այսօր քան երբեք, հարկ է որ վառ պահենք այդ ճրագը՝ աշխարհին ըսելու համար, որ Քրիստոս կենդանի է եւ կը քալէ մեր կողքին։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2020, 11:19