Կորսուած ոչխար Կորսուած ոչխար 

Ուրախութիւնը գտնուած ոչխարին

Յիսուս կ'ուզէ որ մեր աչքերը միշտ իրեն սեւեռենք, միմիայն որպէսզի միշտ ուրախ եւ հանգիստ, ըլլանք որովհետեւ ինքը շիտակ միջոցն է յաւիտենական կեանքին:

«Չէ՞ք կարծեր, որ  եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսուի, իննիսուն եւ ինը չի՞ թողուր լեռ եւ չ'եռթար կորսուածը փնտռելու: Եթէ կտնէ զայն, աւելի կ'ուրախանայ անով քան իննիսուն եւ ինին համար, որոնք չէին կորսուած: Այսպէս նաեւ ձեր երկնաւոր Հայրը, չ'ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի»: (Մթ 18, 12-14):

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս յաճախ կը խօսէր իր առաքեալներուն եւ հռեայ ժողովուրդին ապաշխարհութեան եւ ներումին մասին, մինչեւ վերջին վայրկեանին ներեց իր թշնամիներուն որոնք չգիտցան իրենց արարքին ծանրութիւնը, եւ իր վերջին խօսքերը եղան երբ ներեց այդ աւազակին որ իրեն հետ խաչուեցաւ: Երբեմն կը մոռնանք ներումի եւ վերադարձի ուրախութիւնը, կը մնանք մեր մթութեան մէջ, ատոր համար այսօրուայ հոտուածին մէջ կը նշմարենք թէ ուրախութիւնը եւ թէ տխրութիւնը (ինչպէս արեւ անձրեւէն ետք): Յիսուս տխուր է որովհետեւ իր ոչխարը այսինքն իր հաւատացեալը կորսուեցաւ, ասոր համար այդ հարիւրաւոր ոչխարէն մէկը քաշուեցաւ եւ հեռացաւ, հակառակ իր գոհութեան եւ հանգիստ ըլլալու խմբակին մէջ: Կը նմանի այդ հաւատացեալին որ կը ձգէ իր եկեղեցին եւ իր հաւատքը: Տխուր է եկեղեցին որովհետեւ իր հաւատացեալներէն մէկը կը լքէ իր հաւատքն ու եկեղեցին՝ երթալու ուրիշ տեղ, թէրեւս ուրիշ կրօնք կամ բոլորովին դաւանափոխ ըլլալու: Եկեղեցւոյ համար մեծ խռովութիւն մըն է երբ անհասկացողութիւններ կամ ձախողութիւններ կը գտնուին իր սրտին մէջ: Ասոր համար Յիսուս կ'ապրի տխրութիւնը քանի որ կորսնցուց իր զաւակներէն սիրելի մը, որովհետեւ ինքը միշտ կը փնտռէ ամբողջութիւնը, ներդաշնակութիւնը եւ լրումը իր հաւատացեալ խումբին: Երբեմն կը նշմարենք պզտիկի մը լացը եւ տխրութիւնը երբ իր խաղալիքներէն մէկը կորսնցնէ. Յիսուս ալ այսպէս կը տխրի կորսուած հաւատացեալի մը համար, երբ մենք անտարբեր կը մնանք իրէն, անմխիթար կը մնայ երբ մենք իրեն մօտը եւ հետը չենք:

Ահա նոր վերագտնում, երբեմն անսպասելի: Յիսուս ետ կը գտնէ իր ուրախութիւնը  երբ ամէնքս կ'աշխատինք վերադարձնելու կորսուած անդամ մը, երբ զինք ետ եկեղեցի կը վերադարձնենք, որովհետեւ մեծ գանձի մը վերադարձ մըն է, այդ գանձը նոյնիքն քրիստոնեան է եւ իր եկեղեցին, վերարարձ դէպի իր պատմութիւնը եւ արժէքը: Այդ նորածնած ոչխարին կրած ուրախութիւնը անձնական ըլլալէ աւելի կ'անցնի այդ մնացած 99 ոչխարներուն տեղը. հոս է մեր հարցումը. Արդե՞օք մնացած 99 ոչխարները նուազ կարեւոր են Յիսուսի համար: Ոչ, որովհետեւ ասոնք երբեք իրեն նեղութիւն չեն պատճառած, այլ հաւատարին մնացած են թէ իրեն եւ թէ իր աստուածային արժէքին:

Կորսուած ոչխարին պատկերը կ'ուզէ իւրաքանչիւրիս հասկցնել իր կարեւորութիւնը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ համար: Յիսուս շատ կը տխրի երբ իրմէ հեռանանք որեւէ պատճառի մը համար: Յիսուս կ'ուզէ որ մեր աչքերը միշտ իրեն սեւեռենք, միմիայն որպէսզի միշտ ուրախ եւ հանգիստ ըլլանք որովհետեւ ինքը շիտակ միջոցն է յաւիտենական կեանքին:

Դուն մեծ ես, ո՜վ Տէր, իսկ մենք պզտիկ ենք, պէտք ունինք միշտ քու մեծութեանդ եւ օգնութեանդ. Չեմ ուզեր քեզմէ հեռու ըլլալ  որպէսզի մտավախութիւնը եւ երկչորութիւնը չձանեմ իմ սրտիս մէջ: Քեզի կը նուիրեմ ինքզինքս այսօր եւ միշտ, որպէսզի դիմադրեմ սատանայի փորձութիւններուն դէմ եւ վայելեմ քու ուրախութիւնդ եւ տամ ուրիշին հաւատքի քաջութեան հոգին: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2020, 08:39