Կարդինալ. Պասսեթթի Կարդինալ. Պասսեթթի 

Կարդինալ Պասսեթի «Սուրբ Պենետիկտոսի նման աղօթենք ու աշխատինք Եւրոպային վերածնունդի ի խնդիր։

Եւրոպայի մէջ ծագած անթիւ վանքերու ծաւալումը, մինչեւ այսօր հիմքը կը կազմէ եւրոպայի մշակութային ու հոգեւոր կեանքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Պենետիկտոսի ծիսական տօնին առիթով, Հռոմի Սանթա Մարիա եկեղեցիէն ներս Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ,Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին սկիզբը ծիրանաւոր նկատել տուաւ, որ Եւրոպայի մէջ ծագած անթիւ վանքերու ծաւալումը, մինչեւ այսօր հիմքն կը կազմէ եւրոպայի  մշակութային ու հոգեւոր կեանքին։ ըսաւ կարիդնալ աւելցնելով որ Սուրբ Պենետիկոսի գործունէութեան միշտ կեդրոն հանդիսացած է Աստուծոյ որոնումը։

Սուրբին խօսքերը մինչեւ այսօր այժմէական ու վաւեր են։ Այս աշխարհի մէջ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ  որդեգրել քրիստոսի կեանքը ՝իւրացնելով զայն։ Քրիստոսի կեանքը երանութիւններն են։ Անոնք մեզի համար բարոյական ուսուցում են ու կը յայտնեն աւետարանի բաբախող սիրտը։ Երանութիւնները մեր կեանքի կանոններն ու շնորհքի  պարգեւներ են ինչպէս նաեւ  մշտական աղօթքի արդիւնքը  եւ ամբողջական նուիրումը ՝Սուրբ Հոգիին ներգործութեան։

Կարդինալ Պասեթթին յայտնեց չէ կարելի Քրիստոսի կեանքը ապրիլ, եթէ ոչ աղօթքի միջոցաւ եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ամբողջութեամբ ապաւինելով։Ան ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուր խորհուրդ տուած է Երանութիւնները գոց սորվելու, որովհետեւ  երանութիւնները  Քրիստոնեայի անձնաթուղթն է որ միշտ իր հետ կրէ ըսած Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուցած որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է երանութիւնները մարմնացնելու, շօշափելով գործերով եւ ոչ թէ խօսքով

Կարդինալ Պասսեթթին անդրադարձաւ նաեւ Համաճարակի տագնապէն յառաջացած մարտահրաւէրներու, որոնց դիմագրաւելու համար ան նկատել տուած է որ կարիքը չունինք մասնագէտներուն այլ կարիքը ունինք  այր մարդոց ու կիներուն որոնք Քրիստոսին դեսպաններն են եւ որոնք հասարակութեան տրամադրութեան կը դրուին, ըսաւ է Ծիրանաւորը ։ Ան եզրափակած է քարոզը նշելով որ կը գտնուինք դարու ամէնէն մեծ վտանգին դիմաց ,որուն յաղթահարելու համար պէտք ենք Սուրբ Պետնետիկտոս նման վերաբերիլ, գործի ու աղօթքի միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2020, 12:02