Փափուա Նիու Կուինէայի մէջ Քրիսոնեայ հաւատացեալներ Փափուա Նիու Կուինէայի մէջ Քրիսոնեայ հաւատացեալներ 

Կաթողիկէ հաւատքը՝ պատասխան Փափուա Նիու Կուինէայի մէջ կատարուած բռնութիւններուն

«Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ մեր կաթողիկէ հաւատքն է պատասխանը այս խաւարին. մարդիկ մօտեցնել Յիսուսի եւ անոնց սորվեցնել մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը, լաւագոյն միջոցներն են փոխել մարդոց կեցուածքը եւ վարմունքը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2020 թուականին, Զատիկի օրը Փափուա Նիու Կուինէայի մէջ երեք անմեղ կիներ խոշտանգուած էին, մինչ կաթողիկէ հաւատացեալները կը մասնակցէին զատկական պատարագին։

Այդ կիները զոհ էին կախարդութիւններ կատարած ըլլալու ամբաստանութեան։ Անոնք նկատուած էին պատճառ տարիքաւոր մարդու մը մահուան։ Մենտիի եպիսկոպոս Տոնալտ Լիփերթ նկատած է թէ այդպիսի բռնութիւններ մնայուն խնդիր են այդ շրջանին մէջ։ Կախարդութեան հաւատքը Փափուա Նիու Կուինէայի որոշ շրջաններուն մէջ շատ տարածուած է, եւ ասոր պատճառով կը կատարուին բռնութեան եւ նոյնիսկ սպանութեան արարքներ, յատկապէս ուղղուած կիներու դէմ, որոնք կ՚ամբաստանուին որոշ անհատի մը վրայ անէծք դրած ըլլալու համար։

Գերպ. Լիփերթ ըսած է թէ այս խնդրի լուծումը Աւետարանի քարոզութիւնն է։ Որովհետեւ «պատասխանը պիտի չգայ կառավարութեան կամ քաղաքականութեան կողմէ։ Նոյնիսկ ոստիկանութիւնը կ՚անտեսէ այս խնդիրը» եւ բռնարարքներ կատարողները «կը մնան անպատիժ» ըսած է Եպիսկոպոսը։

«Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ մեր կաթողիկէ հաւատքն է պատասխանը այս խաւարին. մարդիկ մօտեցնել Յիսուսի եւ անոնց սորվեցնել մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը, լաւագոյն միջոցներն են փոխել մարդոց կեցուածքը եւ վարմունքը»։

Մենտիի թեմին մէջ Ֆրանչիսկեան Մայրապետ, Քոյր Ճենալ, նուիրուած է զոհերու օգնութեան։ Ան նկատած է թէ Զատիկի կիրակի օր խոշտանգուած կիները մայրեր են եւ «յարգուած եւ արժանապատուութիւն ունեցող կիներ։ Անոնք ներկայիս կ՚ապաքինին իրենց կրած ֆիզիքական խոշտանգումներէն, սակայն հոգեկան վէրքի բուժումը երկար ժամանակի, եւ հաւանաբար ամբողջ կեանքի մը կը կարօտի»։ Քոյր Ճենալ ըսած է, թէ ներկայիս կան 76 վերապրողներ եւ սպանութեան 12 զոհեր։

Փոմպերելի կաթողիկէ համայնքը կը կազմակերպէ օգնութիւններ զոհերուն։ Քոյր Ճենալ կազմած է խմբակ մը աշխարհական այր մարդոց եւ կիներու, պայքարելու յիշեալ չարիքին դէմ։ Այս խմբակը նպատակ ունի կառուցելու «Յոյսի Տուն» կենդրոն մը, ուր որեւէ բռնութեան զոհեր պիտի գտնեն ապահով վայր մը, բուժումներ ստանալէ ետք։

Գերպ. Լիփերթ նկատած է, թէ «որքան աւելի մենք կարողանանք մարդոց ճանչցնել Յարուցեալ Յիսուսի զօրութիւնը, այնքան աւելի անոնք կարող պիտի ըլլան ճանչնալու, թէ կախարդութեան հետ կապուած բռնութիւնները չէ կարելի իրականացնել։» Մարդիկ պէտք չէ վախնան անէծքէ եւ կախարդութենէ «անոնք պաշտպանուած են Յիսուսի կողմէ, որ արդէն տարած է յաղթանակը սատանային, մեղքին եւ չարին դէմ։ Այս իմաստով մենք պէտք է շարունակենք օգնել մարդոց որ ճանչնան Յիսուսի անձը։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2020, 12:06