Պշարա Ռայի Պատրիարքը Պշարա Ռայի Պատրիարքը 

Պշարա Ռայի Պատրիարքը. «Լիբանանի համար Չէզոքութեան կարգավիճակը, տագնապի լաւագոյն լուծումը»։

Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը յարուցած է տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններ։ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս բաժանումներ ստեղծուած է եւ այս կացութիւնը, անօթութեան մատնած է բնակչութեան մեծ մասը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանեան իրադարձութիւններուն ընդգծելով, որ միջազգային ընտանիքը ցարդ գործնական կերպով չէ համապատասխանած Լիբանանի օգնութեան խնդրանքներուն, այլ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լիբանանի կառավարութեան մէջ Սուրիամէտ Շիիներուն ներկայութեան։ Կարդինալ Ռայի կոչ ուղղեց, որպէսզի  ՄԱԿ-ը  ճանչնայ Լիբանանի չէզոքութեան կարգավիճակը։

Ունկնդրէ լուրը

«Ամիսներէ ի վեր Լիբանանը տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ծանր տագնապի մատնուած է։ Կացութիւնը վատթարացած է համաճարակի պատճառաւ։Երկրին մէջ բողոքները, ցոյցերը կը շարունակուին սղաճի եւ փտածութեան պատճառաւ։ Ժողովուրդի մեծ մասը անօթի է, ըսաւ Կարդինալ Ռայի, ան ապա  միջազգային ընտանիքը հրաւիրեց դէմ յանդիման գալու՝ Լիբանանի օգնութեան վերաբերեալ խնդրանքներուն։

Պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը յարուցած է տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններ։ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս բաժանումներ ստեղծուած է  եւ այդ բոլոր կացութիւնը,  անօթութեան մատնած է բնակչութեան մեծ մասը։

Կարդինալ Ռայի յայտնեց նաեւ, որ եկեղեցին, քարիթասը եւ մարդասիրական այլ կազմկերպութիւնները ձեռնածալ  չմնացին՝  օգնութեան հասնելու համար անգործ մնացած ժողովուրդին։  Ամէն տեղ օգնութեան կարիքը  կայ եւ ժողովուրդը՝  քաղաքական հարցերու լուծման համար բարեփոխումներ կը խնդրէ։

Պատիրարք Ռայի շեշտեց նաեւ, որ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մէջ, լիբանանեան համայնքային ներկայ կառոյցը խաղաղ համակեցութեան եւ երկխօսութեան գրաւականն է։ Քրիստոնեաները, Սիւննիները, եւ Շիիները , իրենց յատուկ դերակատարութիւնը ունին ՝ ըլլայ խորհրդարանէն,  ըլլայ պետութենէն ներս։  

Ինչ կը հայի Սուրիացի գաղթականներուն, Պշար Ռայի Պատրիարքը նշեց, թէ Լիբանանը հիւրընկալ երկիր մըն է։  Մինչեւ այսօր Լիբանանը հիւրընկալած է  պատերազմէն փախուստ տուող աւելի քան 2 միլիոն սուրիացի գաղթականներ,  ինչ որ բարդ եւ խրթին կացութիւն մըն է, ըսաւ պատրիարքը, Ան ապա որպէս լուծում առաջարկեց գաղթականներու տուն վերադարձը ,սակայն այս մէկը  կարելի չէ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնները տակաւին կը շարունակուին ըսաւ Ան յորդորելով փրկել հիւրասէր Լիբանանը՝ ճանչնալով անոր չեզոքութեան  կարգավիճակը, որ  լաւագոյն լուծումն է  դիմագրաւած հարցերուն։ ըսաւ Մարոնի Համայնքի Ռայի Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2020, 13:10