Խումբ մը պատանիներու  լուսանկար Խումբ մը պատանիներու լուսանկար 

Եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի ձեռնարկը . «Երիտասարդներն ու հոգեկան առողջութիւնը։»

Պէտք չէ անտեսել հոգեկան հիւանդութեամբ տառապող երիտասարդներու առողջութիւնը։ Այդ հիւանդութեամբ տառապող պարագաներուն թիւը աճած է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ պատանիներու մէկ քառորդը կը տառապի չճշդուած եւ ոչ իսկ ախտորոշուած հոգեկան, մտային հիւանդութեամբ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն այդ պարագաներուն թիւը աճած է՝ նոյնիսկ չափահասներուն մօտ։ Այս պատճառաւ , Եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդը, յառաջիկայ 12 օգոստոսին պիտի նշէ երիտասարդներու միջազգային օրը՝ համամիութենական առցանց ձեռնարկով մը , ունենալով որպէս նիւթ «Երիտասարդներն ու հոգեկան առողջութիւնը։»

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկին ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի կարգ մը շօշափելի եւ կիրակուելիք միջոցներ, օգնելու համար  վերոնշեալ խորհուրդի անդամ եկեղեցներուն,՝  Համամիութենական համաշխարհայի խորհուրդի զօրակցութիւն ու մօտիկութիւնն ցուցաբերելու  հոգեկան հիւանդութեամբ ախտորոշուած երիտասարդներուն ու անոնց ընտանիքներուն։

Ծրագիրին ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ  հոգեկան հիւանդութեան մասնագէտներու ելոյթներ,  աղօթքի պահեր, ինչպէս նաեւ խմբայի ուսումնասիրութիւններ, ու Սուրբ Գիրքի մասին խոկումներ որոնց նպատակն է վերացնել  այն բոլոր նախապաշարումներ որոնք վնաս կը հասցնեն պատանիին հասունութեան վրայ։
Եկեղեցիներու համամիութեան խորհուրդին, Երիտասարդներու նուիրուած ծրագիրին պատասխանատուն, Ճոյ Եվա, երիտասարդներու հոգեկան հիւանդութեան հարցերը դիմագրաւելու համար  հիմնական նկատած է,  որ պէտք է սկսիլ , այն իրողութիւններէն, որոնք մտահոգիչ կերպով կ՝ազդեն պատանիներու հոգեկան առողջութեան վրայ, անոնց  շարքին թուեց միջ սերունդային պայքարները, քորոնա ճահրի համաճարակը, կլիմային տագնապը, գաղթականութեան երեւոյթներն,  ու մշակութային սպասումները։

Ի վերջոյ վերոնշեալ նախաձեռնութեան նպատակներէն մին է զարգացնել այն գիտակցութիւնը ,որ  որոշ հիւանդութիւններուն թերագնահատումը ,կրնայ այլ խնդիրներ յարուցանել   որոնք   կարելի չէ  լուծել ժամանակի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2020, 11:41