Նանթի Տաճարի հրդեհը Նանթի Տաճարի հրդեհը 

Նանթի Տաճարի հրդեհը։ «Հաւատացեալներու սիրտը խոցուած»

կաթողիկէ հաւատքի այլ խորհրդանիշ մը կը վնասուի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նանթի տաճարի հրդեհը, որ տեղի ունեցած էր ուրբաթ օր, հաւանաբար արարքն է կամաւորի մը որուն յանձնուած էր եկեղեցին փակելու պաշտօնը։ Սակայն ոստիկանապետ Փիեռ Սենն ընդգծած է, թէ «որեւէ մեկնաբանութիւն, որ կարող է նկատի առնել այդ անհատի մասնակցութիւնը պատահածին, տակաւին կանխահաս է եւ հապճէպ»։

Ունկնդրէ լուրը

Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր հետախուզական աշխատանքը։ Տակաւին չեն գտնուած բռնարարքի հետքեր։ Հրդեհը բռնկած էր երգեհոնի մօտ առաւօտեան ժամը 7։30ի շուրջ։ Մօտ քառորդ ժամ ետք մօտակայ բնակիչները ահազանգ հնչեցուցած են. անոնք գոթական վարդակէն տեսած է բոցերը։ Աւելի քան հարիւր հրշէջներ փութացած էին այնտեղ։ Բոլոր ուժերը կենդրոնացած էին ամենէն աւելի վտանգուած կէտին վրայ, երգեհոնի վրայ, ուր սկսած էր հրդեհը։ Ապա ուշադրութիւնը ուղղուած էր արուեստի գործերուն որոնք կը ճոխացնեն տաճարը։

Ֆրանսայի Եպիկոսպոսական Ժողովը յայտարարութեամբ մը արտայայտած է երկրի բոլոր կաթողիկէներու զգացումները, ընդգծելով թէ «Փարիզի Նոթր Տամի հրտեհէն ետք, որ տեղի ունեցած էր 2019 թուականի ապրիլին, եւ սոյն Նանթի տաճարի 1972 թուականի հրդեհէն ետք, ոչ թէ միայն կրօնական ժառանգութիւն մըն է  որ կը քանդուի, այլ նաեւ կաթողիկէ հաւատքի մէկ խորհրդանիշն է որ կը վնասուի, վիրաւորելով բոլոր անոնց սրտերը, որոնց համար այս կառոյցները աղօթքի, հոգեւոր ապաստանի եւ իրենց հաւատքի ուղենիշի վայրեր են։»

Ֆրանսայի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն կաթողիկէները որ միանան աղօթքով, նեցուկ կանգնելու Նանթի կաթողիկէներուն եւ կը տեղեկացնեն թէ, հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն խօսած է Ֆրանսայի եպիսկոպոսական ժողով նախագահին, Գերպ. Էրիք տը Մուլէն-Պոֆորի հետ, յայտնելու իր կարեկցութիւնը։ Ան ուզած է արտայայտել այն զօդը, որ կը միացնէ ազգային հասարակութիւնը՝ կաթողիկէ հասարակութեան հետ, ի տես այսպիսի ցնցող նոր պարագայի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 11:38