Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԱ)։

Այսօր մեր հաղորդման ընթացքին՝ պիտի խօսինք տոմար բառի հասկացողութեան և անոր գործածութեան մասին

Ժա. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօր մեր հաղորդման ընթացքին՝ պիտի խօսինք տոմար բառի հասկացողութեան և անոր գործածութեան մասին

Հին ազգերու մօտ տոմարագիտութիւնը որպէս բնական գիտութիւն մեծ կարեւորութիւն ունէր: Հնագիտական պեղումներէն երեւան եկած վկայութեանց համաձայն, հին քաղաքակրթուած ժողովուրդներու կողմէ գործածուած տոմարը յիշատակարան մըն էր, ուր կ'արձանագրուէին պատմական դէպքեր, հերոսական դրուագներ, ողբերգութիւններ, իշխանաւորներու ծնունդներ, դաշինքներ, առեւտրական հաշիւներ, ինչպէս նաեւ այլազան վաւերագիրներ:

Ժամանակի ընթացքին՝ տոմարագիտութիւնը տիեզերագիտութեան հետ շաղուելով, արեգակի և լուսնի, բնութեան զանազան երեւոյթները լուսաբանող և յստակացնող գիտութիւն մը եղաւ, որ ինքնին կրօնական արժէք մըն ալ կը ներկայացնէր: Այդ գիտութեան վրայ հիմնուած՝ հին ժողովուրդները իրենց կեանքին եւ պատմութեան կապուած սրբազան տօներու և պաշտամունքի ժամանակը կը ճշդէին:

Հնագոյն ժամանակներուն, բազմաթիւ ժողովուրդներ իրենց կրօնական տօները տօնելու և երկրագործութիւն կատարելու նպատակով՝ օգտագործած են լուսինը իր զանազան երեւոյթներով. այլ խօսքով՝ լուսնին կրած փոփոխութիւններուն և հաշուարկման վրայ տնօրինած են իրենց կեանքը: Ըստ որում լուսինը կը ծնի, կ'ամբողջանայ իբրեւ լիալուսին և կը յանգի (կը մարի) իբրեւ վերջնալուսին 29 կամ 30 օրերու ընթացքին:

Հին ժողովուրդներու կողմէ գործածուած լուսնային օրացոյցի համաձայն՝ տարին բաժնուած էր 12 ամիսներու, որ կը համապատասխանէ 354 օրերու. սակայն համեմատած մեր այսօրուան արեգակնային օրացոյցին, ան 11 օր պակաս էր: Հետեւաբար լուսնային այս դրութիւնը նստակեաց կեանք ունեցող և գիւղատնտեսութեամբ ապրող ժողովուրդներու համար յաճախ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր, ինչպէս նաեւ կը խախտէր հեթանոսական տօներու հերթականութիւնը:

Այս խառնաշփոթ վիճակէն դուրս գալու համար, լուսնային օրացոյցին կը փոխարինէ լուսնա-արեգակնայինը: Այս դրութեան մէջ՝ նկատի կ'առնուէր արեգակի շարժումը և լուսնի փոփոխութիւնները: Տարին կազմուած էր 12 լուսնային ամիսներէ և ժամանակ առ ժամանակ մտցուած էր 13 ամիս մը, որպէսզի տարեսկիզբը գարնանային գիշերահաւասարի օրէն շատ չհեռանայ:

Հին աշխարհին մէջ լուսնա-արեգակնային օրացոյց գործածած են Բաբելացիները, Եգիպտացիները, Յոյները, Հայերը, Հրեաները եւ Չինացիները, ինչպէս նաեւ հին քաղաքակրթութիւն ունեցող ուրիշ ժողովուրդներ: Կարգ մը գիտնականներ, տոմարի կամ այսպէս կոչուած օրացոյցի հայրենիքը կը համարեն հին Եգիպտոսը, որ մարդկային քաղաքակրթութեան գլխաւոր կեդրոններէն մին էր: Ք. ա. 2773-ին, հին Եգիպտոսի մէջ լուսնա-արեգակնային օրացոյցը փոխարինուեցաւ արեգակնային օրացոյցով, որու համաձայն՝ տարին 365 օր էր և սակայն վրան աւելցաւ քառորդ օր մը, և չորս տարին մէկ՝ տարին 366 օր կը հաշուէր: Այդ տարին հետագային պիտի կոչուէր Նահանջ տարի: Այսպիսով տարուայ տեւողութիւնը 365 և քառորդ օր կ'ըլլար, որ կը համապատասխանէր արեգակին շուրջը երկրի պտտման:

Եգիպտական չորս հազարամեայ արեգակնային օրացոյցը ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Այսպէս ծնունդ առաւ այսօրուան մեր գործածած օրացոյցի (տոմարի) առաջին տարբերակը: 

Ք.ա. 46 թուին, Յուլիոս Կեսար տոմարագիտական մեծ բարեկարգութիւն մը կը կատարէ Հռոմէական ընդարձակ կայսրութեան մէջ: Ան Աղեքսանդրացի աստղագէտ՝ Սոսիկենէսը իր մօտ կը հրաւիրէ, որ կը լուսաբանէ Եգիպտացի ժողովուրդին կողմէ գործածուած արեգակնային դրութիւնը: Յուլիոս Կեսար համոզուելով տրուած բացատրութեան՝ կ'որդեգրէ արեգակնային այս օրացոյցը, որպէս Հռոմի պաշտօնական օրացոյց: Այդ տոմարը այսօր մեզի ծանօթ է Յուլեան տոմար անունով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2020, 06:52