Հերոշիմայի մէջ հիւլէական ռումբի հետեւանքը Հերոշիմայի մէջ հիւլէական ռումբի հետեւանքը 

Հերոշիմայի հիւլէական ռումբի 75 ամեակի առթիւ աղօթքի օր Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսներուն նախաձեռնութեամբ։

21-րդ դարը կը շարունակէ ականատես ըլլալ աշխարհաքաղաքական բախումներուն` պետական և ոչ պետական դերակատարներու մակարդակի վրայ `օգտագործելով աւելի բարդ զէնքեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հերոշիմային -Նակազաքիի հիւլէական ռումբի 75 ամեակի առթիւ, Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներու հրաւէրով,Կաթողիկէ հաւատացեալներն ու բարիք կամք ունեցող մարդիկ հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու հիւլէական  զէնքէ զինաթափման համար կազմակերպուած աղօթքի, գործողութեան եւ ուսումնասիրութեան յատուկ օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ  կիրակի 9 օգոստոսին եւ որ զուգադիպումի  Ճափոնի եկեղեցւոյ կողմէ 1981 թուականէ ի վեր ձեռնարկուած հիւլէական զէնքէ զինաթափման համար կազմակերպուած 10 օր տեւողութեամբ աղօթքի ձեռնարկին։

Ունկնդրէ լուրը

«21-րդ դարը կը շարունակէ ականատես ըլլալ աշխարհաքաղաքական բախումներուն` պետական ​​և ոչ պետական ​​դերակատարներու հետ `օգտագործելով աւելի բարդ զէնքեր» այս մասին  նշուած  է»  Արդարադատութեան և խաղաղութեան միջազգային Եպիսկոպոսական յանձնաժողովին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։
Արդարեւ՝ Ամերիկացի եպիսկոպոսները անգամ մը եւս կը վերանորոգեն իրենց կոչը դադրեցնելու հիւլէական զէնքի տարածումը ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 24 նոյեմբերին Ճափոն կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Հիրոշիմա« Նակասաքիի մէջ արտասանած պատգամին։

Նշենք թէ վերոնշեալ Եպիսկոպոսական յանձնախումբը անցեալ փետրուար ամսոյն վերանորոգած է հիւլէական զէնքէ զինաթափումի ի խնդիր իրենց կոչը որուն մէջ նշուած էր թէ այդ  պատասխանատուութիւնը կը ծանրաբեռնէ բոլորին խիղճը, ըլլայ ադոմական զէնք ունեցող  ժողովուրդներու վրայ, օրինակի համար Միացեալ Նահանգները, որոնք պէտք են ձեռնարկել  անոնց նուազեցումի ծրագիրը,   ըլլայ  անոնք որոնք չունին հիւլէական զէնքեր  եւ պէտք  են զերծ մնալ  հիւլէական զէնք ձեռք բերելէ որպէսզի հիւլէական զէնքի  չտարածման մասին պայմանագրիր 6-րդ յօդուածը արդիւնաւէտ գործիք դառնայ ու լիովին վերացուին ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 11:29