Սուրբ Յոակիմ եւ Սրբուհին Աննա Սուրբ Յոակիմ եւ Սրբուհին Աննա 

Սուրբ Յովակիմն ու Սրբուհի Աննան. Անոնց աղօթքը Տիրամօր առաջնորդող աղբիւր է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մեծ հայրիկներն ու մայրիկները իմաստութեան աղբիւր են  համայն մարդկութեան համար, մանաւանդ չափազանց զբաղած մարդկութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

26 յուլիսին, Լատին եկեղեցւոյ ծէսին համաձայն տօնն է Աստուածամօր ծնողաց, Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհին Աննային ՝ Յիսուսի մեծ հօր ու մեծ մօր։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ կը ներկայացնենք, ֆրանչիսկոս Պապին մեծ հայրիկներուն ու մեծ մայրիկներուն մասին խօսքերէն հատուածներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կրկնած է, որ «Մեծ Հայրիկներն ու մայրիկները ժողովուրդի մը յիշատակն են եւ տարեցները՝ պտուղ տուող ծառերու նման են »։

Նորին Սրբութիւնը  իր քահանայապետութեան շրջանին յաճախ  յիշեց, թէ  կնոջ մը ուսուցումը բնորոշած է իր հաւատքի ուղեւորութիւնը, մանաւանդ իր մեծ մայրիկը՝ իր հօր մայրը։ Այս մասին ան խօսած էր 18 մայիս 2013ին, Պենտեկոստէի տօնին օրը։

«Մեծ մայրս, միշտ մեզի կը կը խօսէր Յիսուսի մասին։ Ան Աւագ ուրբաթ օրը, մեզ եկեղեցի կը տանէր՝ մասնակցելու համար մոմերու թափօրին, որուն աւարտին մեծ մայրս մեզ ծնրադրել կու տար Յիսուսի արձանին առջեւ ըսելով նայեցէք, Ան մեռած է,  սակայն վաղը յարութիւն պիտի առնէ։  Քրիստոնէական առաջին պատգամը ստացած եմ մեծ մօրմէս» ըսած է  Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ «Մեծ հայրիկներու ու մայրիկներու աղօթքը,  պարգեւ մըն է»։

13 մարտ 2015ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ  մեծ հայրիկներուն եւ մայրիկներուն աղօթքը եկեղեցւոյ համար մեծ պարգեւ ու հարստութիւն  է։ Անոնք իմաստութեան աղբիւր են համայն մարդկութեան համար, մանաւանդ չափազանց զբաղած մարդկութեան համար։ Մեծ հայերուն խօսքը, յատուկ բան մը ունի երիտասարդներուն համար։ Երիտասարդները այս մէկը  շատ լաւ գիտեն։»

Նորին Սրբութիւնը իր մեծ մօր մասիսն, այլ դրուագ մըն ալ պատմելով ըսած է.

«Քահանայ ձեռնադրութեանս առթիւ , մեծ մայրս պատգամ մը գրեց ու ինծի յանձնեց։ Այդ պատգամը յաճախ կը կարդամ եւ զայն միշտ կը պաշտպանեմ՝ իմ յուշատետրիս մէջ պահելով, որովհետեւ զիս կը հանգստացնէ։»
 
Յայտնենք, թէ Սուրբ Յովակիմն ու Սրբուհին  Աննան, 20 տարի ամբողջ, չէին կրցած զաւակ ունենալ։ Սրբուհին Աննան օրեր շարունակ աղօթեց Աստուծմէ հայցելով մայրութեան շնորհքը։ Օր մը Հրեշտակը երեւնալով Աննային  ըսաւ «Աննա, Աննա,  Տէրը լսեց քու աղօթքդ եւ դուն պիտի յղանաս եւ զաւակ մը պիտի ունենաս ու համայն աշխարհի մէջ քու սերունդիդ մասին պիտի խօսուի։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2020, 11:43