Ամիենի տաճարը Ամիենի տաճարը  

Ամիենի Տաճարի 800ամեայ յոբելեանը

ԺԷ. դարուն Ֆրանսացի եպիսկոպոս մը հայցելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի բարեխօսութիւնը՝ ազատելու 1668ի համաճարակէն, կ՚ուխտէ կառուցել մատուռ մը, նուիրուած սուրբին։ Սոյն մատրան նորոգութիւնները աւարտած են այս տարուան յոբելեանի համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փարիզէն մօտ 130քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ամիենի տաճարը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 800ամեակը, հանրութեան մեծարանքին ներկայացնելով Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը։ Մասունքը աւանդականօրէն հրապարակաւ կը ցուցադրուէր սուրբի տօներուն՝ յունիս 24ին եւ օգոստոս 29ին։

Ունկնդրէ լուրը

Ամիենը մեծագոյն տաճարն է Ֆրանսայի մէջ, ներքին տարողութեամբ Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի կրկինը։ Կոթական կառոյցի շինարարութիւնը սկսած է 1220 թուականին, երբ Ֆրանսան Կոստանդնուպոլսէն ձեռք կը բերէր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը։ ԺԳ. դարուն տաճարը դարձաւ ծանօթ ուխտավայր։

Սուրբ Լուի, Շարլ Զ. եւ Շարլ Է. թագաւորները կատարած են հոն իրենց ուխտերը։ ԺԷ. դարուն Ֆրանսացի եպիսկոպոս մը հայցելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի բարեխօսութիւնը՝ ազատելու 1668ի համաճարակէն, կ՚ուխտէ կառուցել մատուռ մը, նուիրուած սուրբին։ Սոյն մատրան նորոգութիւնները աւարտած են այս տարուան յոբելեանի համար։

Տաճարի հոգեւոր հովիւ Հայր Էտուար տը Վրեժիլի համար 800ամեայ յոբելեանը առիթ մըն է աւետարանելու մշակոյթի եւ գեղեցկութեան միջոցաւ, համագործակցելով ֆրանսական աշխարհիկ պատմագիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու հետ, մեծ բազմութեամբ մարդիկ բերելով տաճար համերգներու, այցելութիւններու եւ դաստիարակչական ձեռնարկներու, որոնք զբօսաշրջիկները կը վերածեն ուխտաւորներու։

«Գաղափարն է մշակոյթի եւ գեղեցկութեան միջոցաւ հռչակել Աւետարանը մեծ թիւով անհատներու» ըսած է Հայր տը Վրեժիլ։

Ամարուան ամիսներուն տաճարը բաց պիտի մնայ մինչեւ երեկոյեան ժամը 10ը։

Ամիենի տաճարը ունի 11 մատուռներ որոնք կառուցուած են 1290-1375 թուականներուն, եւ դարերու ընթացքին կրած են որոշ նորոգութիւններ։

Ֆրանսական յեղափոխութեան եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ տաճարը չէ ունեցած որեւէ լուրջ վնասուածք։ Ներկայ աշտարակը կառուցուած է 1528-1533 տարիներուն կաղնիի փայտով։ Կառուցման ժամանակ այնտեղ զետեղուած են Սուրբ Խաչի, Յիսուսի վերջին ընթրիքի սեղանի եւ Սուրբ Թողմաս Քանթերպըրիի մասունքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2020, 10:38