Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններու հետեւանքը   (AFP or licensors) Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններու հետեւանքը (AFP or licensors) 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ` շտապ կերպով դադրեցնելու Հայ-Ազրպէյճանական սահմանին տագնապի սրումը

Մասնաւորաբար նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի այս իրավիճակին մէջ, որ ազդած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վրայ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երկու կողմերը կը յորդորէ հետեւելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընդհանուր զինադադարի կոչին
Ունկնդրէ լուրը

Վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններու, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման եւ լարուածութեան հրահրման առիթով 16 յուլիսին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործող գլխաւոր քարտուղար հայր Իոան Սաուքա յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը յորդորէ շտապ դադրեցնել հայ-ազրպէյճանական սահմանին տագնապի սրումը, որ կիրակի, 12 յուլիսէն ի վեր խլեց առնուազն 16 մարդու կեանք եւ յանգեցուց ապակայունացման` սպառնալով վերածուիլ լայնածաւալ տագնապի:

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խորապէս մտահոգուած է գոյութիւն ունեցող զեկուցումներով, որոնց համաձայն, փոխադարձ հրետակոծութիւններու պատճառով քաղաքացիական անձեր վնասուած են եւ քաղաքացիական կարեւոր ենթակառոյցներ, ներառեալ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ անձնական պաշտպանիչ միջոցներ արտադրող Հայաստանի Տաւուշի մարզի գործարանը:

«Մասնաւորաբար նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի այս իրավիճակին մէջ, որ ազդած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վրայ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երկու կողմերը կը յորդորէ հետեւելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընդհանուր զինադադարի կոչին` կարելիութիւն ընձեռելով անհրաժեշտ բոլոր միջոցները տրամադրելու համաճարակին դէմ պայքարին: Մինչ Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է հետեւելու ընդհանուր զինադադարին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը ցաւով կ՛արձանագրէ, որ Ազրպէյճան ատոր չի հետեւիր», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործող գլխաւոր քարտուղարը նաեւ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` կողմերուն կոչ ուղղելով` վերսկսելու դիւանագիտական ջանքեր գործադրել` երկու ժողովուրդներուն միջեւ տագնապը լուծելու նպատակով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 08:15