«Հայկական Քարիթաս»ը 25 տարեկան «Հայկական Քարիթաս»ը 25 տարեկան  

Լոյս տեսաւ «Հայկական Քարիթասի» նոր պարբերաթերթը՝ «Հոգևոր Քարիթաս»-ը։

Թերթին ստեղծման նպատակներէն է նաեւ ստեղծել հնարաւորութիւն՝ ուրիշներու հետ կիսելու Քարիթասի աշխատակիցներուն հոգեւոր փորձառութիւնը՝ հաւատքի անհատական ու միասնական ապրումի անցած ճանապարհը, ներկան եւ ապագայի սպասումները, հոգեւոր ձգտումները, եւ, յատկապէս, հաւատքը որ կ՛ապրուի Հայկական Քարիթասի մէջ աշխատանքի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան armenianchurchco.com կայքէջը՝  կը տեղեկացնէ թէ Հայկական Քարիթասի 25 ամեայ Յոբելեանին առթիւ, թեմին առաջնորդ  Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի օրհնութեամբ ի լոյս ընծայուեցաւ «Հոգեւոր Քարիթաս» վերտառութեամբ Հայկական Քարիթասի նոր թերթը։ 

Հայկական Քարիթասի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովսէփ Քահանայ Գալստեան, վերոնշեալ ձեռնարկի կապակցութեամբ նամակ մը յղած է  «Հայկական Քարիթասի» աշխատակիցներուն, կամաւորներուն եւ բարեկամներուն, որուն մէջ կը բացայայտէ՝ թէ «հոգեւոր թերթը պիտի ծառայէ աւելի լաւ հասկանալու Քարիթասի առաքելութեան հոգեւոր արմատները եւ հոգեւոր տեսլականը, որոնց վրայ հիմնուած են կազմակերպութեան ընկերային եւ աշխատանքային տեսլականը, առաքելութիւնը եւ ռազմավարութիւնը»:

Տէր Յովսէփը կը գրէ նաեւ թէ «Քարիթասի աշխատանքը ըստ էութեան, այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ սիրել մարդուն եւ ծառայել մարդու ամբողջական բարօրութեանը» եւ ասկէ մեկնելով կը յիշեցնէ թէ Քարիթասի աշխատակիցները «կոչուած են նմանելու այն բարի սամարացիին, որուն մասին խօսեցաւ Յիսուս, բացատրելու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէ «սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանը։

«Սամարացիի նման մենք եւս պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք անսալու կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբօր ու քրոջը, ունկնդրելու մանուկներուն  եւ ծերերուն  աղաղակը եւ կանգ առնելու, ժամանակ, ուժ եւ միջոցներ նուիրելու, ուղեկցելու դէպի աւելի արդար եւ երջանիկ կեանք» կը նշէ Տէր Յովսէփը հաստատելով որ  «Քարիթասի իրականացուցած ծրագրերը մարդու հանդէպ Աստծոյ սիրոյ շօշափելի դրսեւորման յստակ օրինակներ են» եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը նկատէ «մշտապէս նորոգել այս գիտակցութիւնը, յիշելով հոգեւոր ակունքները եւ աստուածային կոչումը»։

Նամակի աւարտին Տէր Յովսէփ Գալստեանը դիտել կու տայ թէ թերթին ստեղծման նպատակներէն է նաեւ ստեղծել հնարաւորութիւն՝ ուրիշներու հետ կիսելու Քարիթասի աշխատակիցներուն  հոգեւոր փորձառութիւնը՝ հաւատքի անհատական ու միասնական ապրումի անցած ճանապարհը, ներկան եւ ապագայի սպասումները, հոգեւոր ձգտումները, եւ, յատկապէս, հաւատքը որ կ՛ապրուի Հայկական Քարիթասի մէջ աշխատանքի ընթացքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 08:00