«Ֆրանչիսկոս Պապ» հիւանդանոցային նաւը «Ֆրանչիսկոս Պապ» հիւանդանոցային նաւը 

Պրազիլ. «Ֆրանչիսկոս Պապ» հիւանդանոցային նաւը համաճարակի դէմ:

Քորոնավիրուսի համաճարակին դէմ պայքարելու համար «մարտական» դաշտ կ՛իջնէ նաեւ «Ֆրանչիսկոս Պապ» անունով նաւը, որ մէկ տարի է ի վեր Ամազոնեան տարածաշրջանի Ռիօ գետին մէկ ափէն միւսը կ՛անցնի բժշկական եւ առողջապահական օգնութիւն տանելու ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Պրազիլի մէջ քովիտ19 ժահրի համաճարակը օրէ օր կը սաստկանայ եւ մայիս ամիսէն ի վեր հազարաւոր մարդոց կեանքերը  խլած է։  Համաճարակի տարածման կասեցումին դէմ պայքարին կը մասնակցի նաեւ «Ֆրանչիսկոս Պապ» անուամբ նաւ հիւանդանոցը որ մէկ տարիէ ի վեր  Ամազոնեան տարածաշրջանի Ռիօ գետին մէկ ափէն միւսը կ՛անցնի բժշկական եւ առողջապահական օգնութիւն տանելու ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդի 700 հազար բնակչութեան։

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու պաշտօնական կայքէջի վրայ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ՝ Եղբայր Ժոէլ Սուզա, որ անդամ է վերոնշեալ Նաւը համակարգող յանձնախումբին, կ՛ընդգծէ թէ «այս նաւը արդեն հրաշքներ գործեց, առողջութիւն եւ յոյս տանելով գետային ժողովուրդներու կեանքէն ներս»։ Ան ապա դիտել կու տայ՝ թէ իրենք  չէին կարող խուսափիլ Քովիտ-19 ի դէմ մղուած պայքարէն եւ ասոր համար գործի լուծուեցան  «Առողջապահութեան մասնագէտներու և բժշկական յատուկ օգնութեան միջոցներու» օժանդակութեամբ։

Հիւանդանոցային նաւը 32 մեթր երկարութեամբ նաւ մըն է ուր կը գործեն առողջապահական ասպարէզի 32 մասնագէտներ եւ ուր տեղադրուած են բժշկական կարեւոր սարքեր ինչպէս նաեւ մէկ գործողութեան սենեակ, դեղարան, պատուաստի սենեակ, ու բժշկական մասնագիտական գրասենեակներ ինչպէս  ակնաբոյժ ու ատամնաբոյժը։

Հիւանդանոցի նախաձեռնողը եղած է Գերապայծառ Պերնարտօ Մահլամանը՝ Պրազիլի հիւսիսը գտնուող Փարա Նահանգի Օպիտոս թեմի եպիսկոպոսը, համագործակցութեամբ «Աստուծոյ Նախախնամութեան մէջ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Եղբայրութեան» կրօնաւորներուն, որոնք Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ հիւանդանոց մը կը մատակարարեն։

Նաւը ճամբայ ելած է ճիշդ մէկ տարի առաջ՝ 2019-ի Յուլիսին եւ մինչեւ օրս իրագործած է 46 ծառայութիւններ։

Վերոնշեալ նախաձեռնութեան թիկունք կանգնած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ողորմաբաշխութեան գրասենեակի միջոցաւ Նաւին նուիրած է «Էքոկրաֆ»ի գործիք մը։ Բացի ասկէ Քահանայապետը նախաձեռնութեան մաս կազմող անդամներուն նամակ մը յղած էր, որուն մէջ յիշեցուցած էր՝ թէ «Եկեղեցին դաշտային հիւանդանոց է,  որ կ՛ընկալէ բոլորը առանց խտրութեան եւ առանց պայմաններու», նկատել տալով որ այս նախաձեռնութեամբ եկեղեցին կը ներկայանայ որպէս «ջրային հիւանդանոց»։

«Այնպէս ինչպէս Յիսուս ջուրերուն վրայ քալելով կասեցուց փոթորիկը եւ ամրացուց աշակերտներուն հաւատքը, այս նաւը եւս  հոգեւոր մխիթարութիւն եւ անդորրութիւն պիտի տանի կարիքաւոր մարդոց եւ կիներուն, որոնք լքուած են իրենց ճակատագրին» նշած էր իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը։

Հիւանդանոցի վերոնշեալ ծրագիրը ներշնչողը տեսակէտով մը եղած է Ֆրանչիսկոս Պապը, որ 2013-ին Պրազիլի մէջ կայացած Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն ընթացքին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի հիւանդանոցին տուած այցելութեան առթիւ ՝ 24 Յուլիսին, կրօնաւորներուն հարցուցած էր եթէ Ամազոնի մէջ եւս ունէին հիւանդանոց մը եւ երբ հիւանդանոցի հիմնադիր՝ եղբայր Պելոթթիին պատասխանը եղաւ ժխտական Քահանայապետը պատասխանեց. «ուրեմն պէտք է երթաս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2020, 07:42