Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Զ)։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նորահաստատ Եկեղեցւոյ ծէսը։

6-րդ Հաղորդում

Ունկնդրէ պարունակութիւնը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօր, պիտի անդրադառնանք նորահաստատ Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրօք՝ հեթանոսական կրօնքի ձգած ազդեցութեան վրայ:  

Հայ հին մատենագիրներու վկայութեանց համաձայն՝ չորրորդ դարուն սկիզբը, կը տեսնենք որ Գրիգոր Լուսաւորիչ դարձի եկող քուրմերը և անոնց զաւակները ընդունեցաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, որպէս սպասաւորներ, քահանաներ և եպիսկոպոսներ: Այս պատճառով՝ մեր ծէսին մէջ կը տեսնենք հին հեթանոսական որոշ հետքեր: Անոնք հեթանոսական պաշտամունքներէն զանազան երեւոյթներ,  աւանդութիւններ և տօներ նոր կրօնքին մէջ ներմուծեցին:

Գրիգոր Լուսաւորիչ միա՛յն փոխ չառաւ հեթանոսական պաշտամունքային ծիսակարգերը, այլ՝ ազգային տօներն ու աւանդութիւնները պահպանեց, անոնց տալով քրիստոնէական նոր մեկնութիւն: Այսպէս, Տեառնընդառաջին՝ կրակ վառելու, Համբարձման տօնին՝ վիճակահանութիւն կատարելու, Վարդավառին ջուր սրսկելու և Աստուածածնայ տօնին՝ խաղող օրհնելու աւանդական արարողութիւնները և նոյնիսկ Ծաղկազարդը և ուռօրհնէքը, հեթանոսական շրջանի արարողութիւններէն ժառանգուած են:

Լուսաւորիչ Հայրապետը՝ հեթանոսական հին քաղաքակրթութիւնը ամբողջութեամբ չքանդեց, այլ՝ անոր փլատակներուն վրայ նո՛րը կառուցանեց: Ան հայկական հին հեթանոսական տօները դարձուց քրիստոնէական տօներու, քրիստոնէական և հեթանոսական տօներն ու ծէսերը իրար միախառնելով: Աւելի՛ն, Տրդատ թագաւորին հետ քանդուած մեհեաններուն տեղ կառուցեց սուրբերու վկայարաններ, վանքեր, եկեղեցիներ. այնտեղ զետեղելով Յովհաննու Կարապետի, Աթանագինէի և Հռիփսիմեանց Կոյսերու նշխարները: Իր օրերուն հին հեթանոսական կրօնքի մեհեանները և քուրմերու ունեցուածքներն ու կալուածները անցան եկեղեցւոյ:

Այսպէս Հայ հեթանոսական սովորութիւններէն շատերը նուիրագործուեցան Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ. օրինակ հեթանոսական շրջանի, բնութեան զարթօնքին նուիրուած ամենաշքեղ Ամանօրեայ տօնակատարութիւնը, որ մեծ շուքով կը տօնուէր և՛ կեանքի և՛ մահուան համապատասխան մշակուած ծիսակարգեր ունէր, ինչպէս նաեւ համապատասխան երգեր, պարեր, բարեմաղթանքներ, շնորհաւորութիւններ, նոյնիսկ ծիսա-թատերական արարողութիւններ, քրիստոնէական ծէսին մէջ ներմուծուեցան, աւելի՛ եւս հարստացնելով զայն:

Ինչ կը վերաբերի հեթանոսական շրջանէն աւանդուած մեռելներու յուղարկաւորութեան, այդ մէկը փոխարինուեցան տաղաւար տօներուն յաջորդող Օր Մեռելոցով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 07:53