Սուրբ Աւետարանը Սուրբ Աւետարանը 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ հրատարակուած նոր կտակարանին նորատիպը՝ Հայ Ընտանիքին օրհնաել ոսկեմատեանը։

Պատրիարքութիւնը հրատարակած է ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆին գեղատիպ նոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը զոր կատարած են երեք հմուտ հոգեւորականներ, Աւետարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր Սրապիոն Արք. Ուլուհոճեան, Առաքեալներու Գործերուն թարգմանութիւնը՝ Հայր Գարեգին Վրդ. Գարանֆիլեան, Նոր Կտակարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեան։ Իսկ հրատարակութեան վերատեսութիւնը՝ Հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վերջին ժամանակներուն, եւ առաւել եւս այսօր, համայն  աշխարհին հետ տագնապահար եւ տառապահար,  հայ ժողովուրդը կարիքն ունի կեանքին ու ապագային հանդէպ իր հաւատքն ու յոյսը զօրացնող,  իր սիրտն ու միտքը ամէն տեսակ կաշկանդումներէ ազատագրող, զինք ոգեւորող ու գօտեպնդող, կեանքին հանդէպ յուսալի ու առողջ տրամադրութիւններով լիցքաւորող  խօսքի ու խորհուրդի, որոնց աղբիւրը իրեն համար եղած է Աստուածաշունչը եւ յատկապէս Նոր Կտակարանը։  Այս Սուրբ Գիրքը եւ  անոր պատգամը ներշնչած ու առաջնորդած են  իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, առաւել եւս ամէն Հայ, որ զաւակն է այն Ազգին որ առաջինը եղած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ յիշատակուած իրադարձութիւններէն թելադրուած օրինակով եւ անոր ուսուցումներով  իր կեանքի ճանապարհը ուղեգծող ժողովուրդը։ Նոր Կտակարանը՝ քրիստոնեայ հաւատացեալին, առաւել եւս Հայ հաւատացեալին ամենօրեայ ուղեգիրքն է, առաջնորդը, որ իրեն ցոյց տուած է աստուածապարգեւ շնորհներով օժտող  ճանապարհը։

 Ահա թէ ինչո՛ւ  մեր ժողովուրդին զաւակները հաղորդակից  պահելու համար Նոր Կտակարանի  աստուածաշնչական բովանդակութեան,  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Հայրապետներու ջերմագին խնդրանքով, այսօր անոնց տրամադրութեան տակ կը դնէ  աւելի դիւրիմաց, մատչելի ու սահուն ոճով մշակուած Նոր Կտակարանը։

Արդարեւ,   Պատրիարքութիւնը հրատարակած  է  ՆՈՐ  ԿՏԱԿԱՐԱՆին  գեղատիպ  նոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը զոր կատարած են երեք հմուտ հոգեւորականներ, Աւետարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր  Սրապիոն Արք․ Ուլուհոճեան,  Առաքեալներու Գործերուն թարգմանութիւնը՝ Հայր Գարեգին  Վրդ․ Գարանֆիլեան,  Նոր Կտակարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր Մեսրոպ Ծ․Վ․ Ճուրեան։ Իսկ հրատարակութեան վերատեսութիւնը՝ Հայր Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան։

Ինչպէս նշուած  է Նորատիպի ներածական խօսքին մէջ,  այս հրաշալի եւ նուիրական Մատեանը աւելի եւս հասկնալի ու հանրամատչելի դարձնելու համար, իւրաքանչիւր Գիրքին սկիզբը տրուած են պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ՝  ներկայացնելու համար հեղինակին կեանքը, գրութեան ժամանակը, նպատակը, նիւթը եւ բաժանումները։  Իւրաքանչիւր Գիրքի գլուխներուն մէջ ներմուծուած են համառօտ խորագիրներ, իսկ բնագրին ներքեւ զետեղուած են բացատրական ծանօթութիւններ։

Այս նուիրական Գիրքի վերջաւորութեան կցուած Յիշատակարանի էջերը՝ զայն միաժամանակ կը դարձնեն Հայ  հաւատացեալ Ընտանիքին  օրհնեալ Ոսկեմատեանը։

 ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2020, 08:25