Երուսաղեմի լատինաց առաքելական կառավարիչը Երուսաղեմի լատինաց առաքելական կառավարիչը 

Գերապայծառ Փիցապալլա. «Առաքեալներուն նման վերնատան մէջ պէտք չէ վերադառնալ միեւնոյն առաջուայ կեանքին»։

«Չենք ուզեր ողբի եկեղեցի մը դառնալ այլ կը փափաքինք  ուրախ եկեղեցի մը ըլլալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի մայիս 31ին, Պենտեկոստէի տօնին առթիւ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուած քարոզի մէջ Երուսաղեմի Լատիններու պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Փիցապալլա նշեց թէ պէտք է շատ համբերել հասկնալ կարենալու համար թէ ինչ պիտի ընենք , համաճարակի աւարտին գալիք օրերուն։  Ան հարց տալով արդեօք ամէն ինչ առաջուան պէս պիտի դառնա՞ն։ Արդեօք բնականոն ապագան պիտի ունենա՞նք,  նշեց թէ դարեր առաջ նաեւ առաքեալները վերնատան մէջ փակուած վախի մէջ էին, Սակայն Սուրբ Հոգիին  գալուստով առաքեալները կերպարանափոխուեցան։

 

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]Երուսաղեմի առաքելական կառավարիչը շեշտեց թէ կանչուած ենք կեանքի վկայութիւն տալու գործերով եւ բարի խօսքերով, նամանաւանդ սուրբ երկրին մէջ ուր ստէպ կեանքը քիչ արժէք ունի եւ քիչ բաներու պատճառով մարդիկ կը մեռնին։

Ան հրաւիրեց հաւատացեալները, միշտ ուրախ ըլլալու առանց գանգատելու։ «Չենք ուզեր որ  ողբի եկեղեցի դառնանք,  այլ կը փափաքինք ունենալ  ուրախ եկեղեցի մը։

Ուրախութիւնը նաեւ մեր առաքելութիւնն է ։» Ըսաւ գերապայծառ Փիցապալլա աւեցնելով, որ հաւատալի պիտի չ՝ըլլանք,  երբ կը խօսինք երկխօսութեան, հանդիպումի, համերաշխութեան մասին, եւ ՝մեր հասարակութիւնները  կը բաժնուին ամէն բանի մէջ։ Հաւատալի կը դառնանք այն ժամանակ երբ իւրաքանչիւր անձ բան մը կորսնցնէ իր մէջ ,ուրիշը ընկալելու համար անոր տարբերութիւններով ու սահմանափակումներով։

«Եթէ չունեանք  մեր սիրտին մէջ խաղաղութեան անկեղծ փափաքը,   պիտի չդառնանք երուսաղեմի եկեղեցի մը։» ըսաւ Երուսաղեմի լատիններուն առաքելական կառավարիչը, ան ապա նկատել տուաւ որ« օրեր ,ամիսներ շարունակ մեր տուներուն   եւ վերնատուներուն մէջ փակուած մնացինք եւ մեր կեանքը վախով յատկանշուեցաւ։։  Գերապայծառ Փիցապալլա յարեցդ թէ « տակաւին դուրս չ՝եկանք այդ վախէն , ամներուեք անորոշութիւն կը տիրէ։ Տնտեսական եւ ընկերային ապագայի հեռանկարները մեզ կը մտահոգեն։ Այսպէս պատահեցաւ նաեւ առաքելանուն  Յարուցեալ Յիսուսի հետ հանդիպումէն ետք։ Առաքեալներու կեանքը բան մը չփոխուեցաւ, աակայն  Յիսուս,  առաքեալներուն  հեռանկարները փոխել տուաւ նոր   հեռանկարներով, ինչպէս, որ այսօր Սուրբ Հոգին երուսաղեմի եկեղեցիէն կը խնդրէ  որ մտնէ նոր հեռանկարի մը մէջ։

Գերապայծառ Փիցապալլա քաջալերեց  խանդավառուիլ  Սուրբ հոգիին շնորհած նոր կեանքէն, հրաւիրեց շարժել մեր սիրտերը, հասկնալու համար, սուրբ Հոգիին առաջնորդած ուղին  եւ  կարդալու համար  ժամանակներուն նշանը , ունկնդրելով  մեր իսկական կեանքէն բխած աղերսները եւ զանոնք արժէքաւորել աղօթքի միջոցաւ  եւ Աստուծոյ խօսքի լոյսի ներքեւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2020, 07:20