Քովիտ19 ժահրի ժամանակաշրջանին աղօթք Քովիտ19 ժահրի ժամանակաշրջանին աղօթք 

«Այս հիւանդութիւնը մահացու չէ այլ Աստուծոյ Փառքին համար է» (Յովհ. 11, 4) - Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Մեր ապրած արհաւիրքի, սարսափի եւ յուսահատական վիճակը, արդեօք, արդիւնքը եւ հետեւանքը չէ՞ սանձարձակ ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն՝ բնութեան, կենսոլորտի, կենսաբանութեան եւ տիեզերքի կարգ ու սարքին օրէնքներուն եւ բնական ընթացքին:
Ունկնդրէ լուրը

Այս խօսքերով, Յիսուս մեր Տէրը ուզեց մխիթարել, յոյս ու վստահութիւն ներշնչել, չորս օրէ ի վեր մահացած Ղազարոսին սգաւոր եւ յուսահատ երկու քոյրերուն:

Միեւնոյն ատեն, ուզեց նաեւ բացատրել հիւանդութեան, մահուան ու չարին գոյութեան խորհուրդը: Ինչպէս որ իր չարչարանքները, խաչելութիւնն ու մահը բացատրուեցան ու հասկցուեցան իր յարութեամբ, եւ առաջ բերին Աստուծոյ յաղթանակը չարին եւ մահուան դէմ, իրականացնելով հաշտութիւնը բարեխնամ ու բարեգութ Հօր Աստուծոյ եւ մեղաւոր ու ըմբոստ մարդուն միջեւ, նոյնպէս ալ Ղազարոսի յարութիւնն ու ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը՝ ծառայեցին Հօր Աստուծոյ փառքին յայտնութեան, ու հետեւաբար Յիսուսի Քրիստոսի անձին եւ Աստուածութեան փաստին ու հաստատած կրօնքին ճշմարտութեան:

Նմանօրինակ, համեմատաբար եւ միանշանակ կերպով, պսակաւոր ժահրին պատճառով, մեր անցուցած վախի, վտանգի եւ մահուան սպառնալիքի վիճակը նաեւ կրնայ բացատրուիլ եւ ծառայել Աստուծոյ փառքին յայտնութեան, բնութեան վերահաստատման եւ արարչագործութեան օրէնքներուն ու նախնական ծրագրին, որ դրուեցաւ Արարիչին կողմէ:

Մեր ապրած արհաւիրքի, սարսափի եւ յուսահատական վիճակը, արդեօք, արդիւնքը եւ հետեւանքը չէ՞ սանձարձակ ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն՝ բնութեան, կենսոլորտի, կենսաբանութեան եւ տիեզերքի կարգ ու սարքին օրէնքներուն եւ բնական ընթացքին:

Չմոռնանք ժողովրդական իմաստուն ասացուածքը, ըստ որում «Աստուած միշտ կը ներէ, մարդը երբեմն կը ներէ, իսկ բնութիւնը երբեք չի՛ ներեր»: Չփնտռենք յանցաւոր կամ նոխազ մեր ապրած դժուարին օրերուն. մե՛նք ենք պատճառը պատահածին՝ մեր ապրած կենցաղով, մեր հեռացումով Աստուծմէ, մեր անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ կամ զանցառումներով Անոր ծրագրին եւ բարեգութ ու բարեացակամ նախախնամող կամքին:

Մենք մեզի աստուածներ եւ ծրագիրներ ստեղծեցինք ու սկսանք պաշտել զանոնք, ու մեր կեանքին նպատակ դարձնել եւ ինքնագլուխ ապրիլ: Վստահաբար, անոնք որ մեռան պսակաւոր ժահրին հետեւանքով մեզմէ աւելի մեղաւոր կամ յանցաւոր չէին. այլ՝ եթէ չանդրադառնանք եւ մենք զմեզ չսրբագրենք, կրնանք յոռեգոյն վախճան մը ունենալ: Անոնց մահը թող ահազանգ հնչեցնէ մեր սրտին ու մտքին մէջ, որպէսզի անդրադառնանք, զգաստանանք ու սթափինք մեր կուրութենէն ու մեր մոլեգնութենէն:

Փնտռենք Աստուծոյ կամքը, հպատակինք անոր ծրագիրին ու իրագործենք զայն: Անոր մէջն է մեր փրկութիւնը, եւ մարդկային ցեղին գոյատեւումն ու բարգաւաճումը կ’իրականան միայն մարդուն ներքին հոգիին եւ սրտին ոլորտներուն մէջ:

 Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Ասոր համար մենք չենք յուսալքուիր, ընդհակառակն՝ մինչ արտաքին մարդը կը քայքայուի, ներքին մարդը օրէ օր կը վերանորոգուի: Անցողական եւ թեթեւ նեղութիւնները կը պատրաստեն մեզի յաւիտենական փառք մը, որ կը գերազանցէ ամէն չափ» (Բ. Կոր. 4, 16-17):

Գալով մեզի, որ որոշ չափով դուրս եկանք արգելափակումի դժուար շրջանէն, շնորհակալ ըլլանք Ամենախնամ Աստուծոյ, որ մեզի խնայեց, պահեց ու պահպանեց վտանգներէ ու մեր կեանքին սպառնացող սարսափելի պսակաւոր ժահրէն:

Մեր ազատագրումը թող ըլլայ առիթ զգաստութեան եւ վերադարձի մեր նախնեաց հաւատքին, մշակոյթին եւ պատկանելիութեան ու մեր սրբարար հայ Եկեղեցիին:

Վերագտնենք արժէքը մեր հաստատութիւններուն, մեր բարոյական ու եկեղեցական կառոյցներուն եւ աւանդութիւններուն: Պարագաներուն բերումով չկարողացանք հանդիսաւոր եւ արժանավայել կերպով ոգեկոչումը կատարել մեր Ապրիլեան սուրբ նահատակներուն, սակայն անոնց կտակը վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Այս առիթով, կ’ուզեմ Հայաստանի վարչապետին յղած Ֆրանսայի նախագահին՝ Մաքրոնի նամակէն հետեւեալ իմաստալից եւ յուսադրիչ հատուածը մէջբերել. «Այսօր Ֆրանսա աւելի քան երբեք, յանձնառու է պաշտպանել հայ զոհերուն յիշատակը, պայքարելու ժխտողականութեան դէմ եւ լուրջ դասեր քաղելու պատմութեան այդ ողբերգական էջէն... Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, հայերը կրնան յոյս դնել Ֆրանսայի բարեկամութեան վրայ: Հաւատարիմ իմ յանձնառութիւններուս՝ Ֆրանսան հայութեան կողքին է, թիկունք հանդիսանալով՝ հասնելու անոր խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի իղձերուն»:

Ուստի, գոհաբանութիւն մատուցանենք առ Աստուած, որ վերապրող մեր նախնիքները առաջնորդեց այս ասպնջական եւ հիւրասէր երկիրը, որուն բարեացակամ ժողովուրդը մեզ գրկաբաց հիւրընկալեց, մեզի վերադարձուց մեր արժանաւոր մարդու վիճակը ու առիթ տուաւ վերագտնելու եւ պահելու մեր մարդկային, ազգային, կրօնական եւ մշակութային արժէքներն ու աւանդութիւնները:

Յարգանք, գնահատանք եւ երախտագիտութիւն տածենք եւ արտայայտենք այս երկրին եւ մեր հայրենակիցներուն հանդէպ:

Հոգեգալստեան տօնին առիթով, վերադարձանք մեր եկեղեցիները հանդիսաւոր կերպով նշելու համար աւարտը 10 շաբաթներու արգելափակումի շրջանին՝ մեր բնակարաններուն մէջ: Յիրաւի, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Փարիզի Աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ կատարեցինք նաեւ Անդաստանի յատուկ ծիսական կարգը, որ զանազան առիթներով կը կատարուի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսական տարուան ընթացքին:

Այս արարողութեամբ, ուզեցինք յատուկ կերպով արտայայտել վերջաւորութիւնը առողջապահական արգելափակումի շրջանին, եւ նշել սկզբնաւորութիւնը յոյսի, վստահութեան եւ յաղթանակի՝ պսակաւոր ժահրին դէմ:

Այս առիթով, աշխարհիս չորս կողմերը դառնալով, Ս. Խաչով, Աւետարանով եւ խնկարկութեամբ՝ յաջորդաբար օրհնեցինք հայոց հայրապետութիւնը, Քրիստոնեայ թագաւորութիւնը, հայցելով արտերու բերքի պտղաբերութիւնը:

Ի վերջոյ, խնդրեցինք Տիրոջմէն, որ օրհնէ, պահպանէ եւ նախախնամեալ պահէ մեր քաղաքները, գիւղերը, վանքերը, մենաստանները եւ անոնց մէջ բնակող ժողովուրդը:

«Պահպանիչ»-ի աղօթքով ալ խնդրեցինք Տիրոջմէ, որ փարատելով ամէն ախտ եւ հիւանդութիւն, մեզ ազատէ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէ ու արժանի դարձնէ զինք փառաւորելու մինչեւ մեր կեանքի վախճանը:

Բարի եւ ուրախ ամառնային արձակուրդ կը մաղթեմ բոլորին եւ ի քաղցր տեսութիւն մօտալուտ ապագային:

Ողջ մնացէ՛ք:

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Աղբիւր՝ «Եկեղեցին Հայկական»  Պարբերաթերթ Ֆրանսայի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 07:52