Յիսուսի Յարութիւնը Յիսուսի Յարութիւնը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւնը. Կիրակի 28 Յունիս 2020

Քրիստոսի Յարութիւնը նշանն է ու հիմը մեր հաւատքին (Մատթէոս ԺԲ. 38-45)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Հրէայ մեծամեծները Յիսուսը կ'ուզեն դնել նեղի մէջ. Երկնքէն նշան մը տուր մեզի – կ'ըսեն - որպէսզի հաւատանք քու խօսքերուդ: Կարծէք թէ այդ բոլոր հրաշքները զորս գործած է, բժշկութիւնները, հացերու բազմացումները եւ այլ հրաշագործութիւնները պարզ ու սովորական դէպքեր ըլլային: Սակայն իրականութեան մէջ իրենց միտքը ծուռ է, ան միայն չարիք ընելու մասին կը խորհի:

Յիսուս կու տայ իրենց Հրէայ մարգարէի մը` Յովնանի կեանքին հետ առընչուած դէպք մը՝ որպէս նշան. Արդարեւ, ըստ Մարգարէական գրուածքին, Յովնան փախած էր Տիրոջմէ, որ հրամայած էր իրեն քարոզել ապաշխարանք Ասորեստանի մէջ, Յովնան վախցաւ ու փախաւ. իսկ Տէրը արգելք հանդիսացաւ իր փախուստին ու, հրաշքի մը միջոցաւ, զինք երեք օր ողջ պահելով կէտ ձուկի մը փորին մէջ, ետ վերադարձուց իր մեկնավայրը։ Նոյնպիսի հրաշք մը, մանաւանդ թէ դեռ աւելի զօրեղ մէկ հրաշք մը պիտի պատահի երբ Մարդու Որդին, այսինքն Յիսուս, երեք օր մնալէ ետք գերեզմանին մէջ, որպէս մեռեալ, յանկարծ յարութիւն պիտի առնէ մեռելներէն։

Անշուշտ այս խօսքերը տակաւին անհասկնալի են թէ հրէաներուն թէ նոյնինքն առաքեալներուն. Յարութեան դէպքէն վերջն է որ անոնք պիտի հասկնան իմաստը իր ըսած խօսքերուն։ Հայ Եկեղեցին յարութեան ճրագալոյցի օրը` կը կարդայ Յովնանու պատահած դէպքը, որովհետեւ կը նկատէ զայն որպէս խորհրդանիշ եւ մարգարէացում Քրիստոսի յարութեան։

Քրիստոսի հաւատացող ժողովուրդը կ՛ընդունի յարութիւնը որպէս հիմ իր հաւատքին։ Պօղոս ինքնին կ՛ըսէ. Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, մեր հաւատքը պարապ է. Ոչ միայն, այլ եթէ մեք ալ յարութիւն պիտի չ՛առնենք, դարձեալ իմաստ չունի այս աշխարհի վրայ ապրիլը եւ հաւատալը։ Այս ուղղութեամբ` յստակ է նաեւ Եկեղեցւոյ ուսուցումը, որով մենք ամէնքս կը դաւանինք նախ եւ առաջ` յարուցեալ Քրիստոսը:

Առաջին դարերու մարտիրոսները այնքան համոզուած էին յարութեան ճշմարտութեան մասին, որ յանձն կ՛առնէին ամէն տեսակի նեղութիւն եւ չարչարանք, ամէնէն սոսկալի մահուան կ՛ենթարկուէին, միշտ հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ։ Անոնց վկայութիւնը միայն կը փաստէ քրիստոնէական կրօնքին ճշմարտութիւնը. Իրենց թափած արիւնը սերմը եղած է նոր դարձերու եւ հաւատքի ամրացման։

Հայ Ազգը միշտ հաւատարիմ եղած է քրիստոնեայ կրօնքին. զայն դաւանած է որպէս երկրորդ բնութիւն մը, անբաժանելիօրէն միացած իր մարդկային բնութեան. Ճշմարիտ Հայը չի կրնար քրիստոնեայ չըլլալ. Հայու մը չի վայելեր անկրօնութիւնը, կամ որեւէ ուրիշ կրօնք, բացի քրիստոնէութենէն։ Մեր բիւրաւոր նահատակները աստղերու նման կը զարդարեն հայկական երկնակամարը, անոնք լուսաւոր նշաններ են որոնք մեր ազգը կ՛ուղղեն իր ընթացքին մէջ եւ ցոյց կու տան ճշմարիտ ճանապարհը։

Դժբախտաբար մեր ազգային աւանդութիւններուն մէջ` քրիստոնէական շատ մը տօներ վերածուած են հեթանոսութենէն մնացած ժողովրդական սովորութիւններու կատարումին։ Աւելի կը մտածենք այդ տօներու առթիւ` ուտելիքի, խաղերու, նուէրներու եւ այլ երկրորդական բաներու մասին։ Զատկուայ սուրբ տօնը ըլլալու է ամէնուս համար հաւատքի տօն մը, որով մեր ամբողջ էութեամբ դիմելու ենք դէպի մեր հոգեւոր կեանքի զարգացումը եւ յառաջացումը բարոյական ու հոգեկան արժէքներու մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2020, 07:54