«Օրհնեալ ըլլաս»… 5 տարի ետք։ «Օրհնեալ ըլլաս»… 5 տարի ետք։ 

«Օրհնեալ ըլլաս»… 5 տարի ետք։

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, բոլոր արարածներուդ հետ, յատկապէս եղբայր Արեւին հետ, որուն միջոցաւ մեզի կը պարգեւես օրը, լոյսը:

Հինգ տարի առաջ՝ 24 Մայիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց «Օրհնեալ ըլլաս» Կոնդակը, որով հրաւիրեց համայն աշխարհը անմիջական նոր երկխօսութեան մը, վերարժեւորելու եւ վերականգնելու համար մոլորակը, ըսելով թէ համայն մարդկութիւնը կարիքն ունի դարձի գալու, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել բոլորս հարուածող բնապահպանական մարտահրաւէրները։

Կոնդակին սիրտը կը հանդիսանայ Քահանայապետին կատարած ամբողջական բնապահպանումի առաջարկը, որպէս արդարութեան նոր բանաձեւ մը, որ կը ներառէ մարդուն յատուկ տեղը այս աշխարհին մէջ, եւ իր յարաբերութիւնը զինք շրջապատող իրականութիւններուն հետ։ Իսկապէս կարելի չէ բնութիւնը պատկերացնել որպէս մեզմէ անջատ մէկ ճշմարտութիւն, կամ որպէս պարզ շրջանակ մը մեր կեանքին մէջ։ Ան ներկայ է կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, առողջապահական, եւ յատկապէս մեր ամէնօրեայ կեանքի իւրաքանչիւր պահին մէջ։

Բնապահպանական խնդիրներուն եւ ընկերային ու մարդկային հարցերուն միջեւ անբաժան կապ մը կայ։ Հետեւաբար, հիմնական հարց է գտնել ամբողջական լուծումներ, որոնք նկատի կ’առնեն բնական համակարգերու փոխազդեցութիւնը, թէ իրարու վրայ, եւ թէ ընկերային դրութիւններուն վրայ։ Մենք չենք գտնուիր երկու տարբեր տագնապներու առջեւ՝ մին բնապահպանական, միւսը ընկերային։ Մենք մէկ տագնապ ունինք որ կը կոչուի ընկերա-բնապահպանական։ Այս պատճառաւ է որ երկխօսութիւնը անխուսափելի է։

Առաւել եւս, Քահանայապետը կ’առաջարկէ դաստիարակչական եւ հոգեխօսական հինգ նոր բանաձեւեր որոնք կը ծառայեն բնութեան բարելաւման։ Ան կը խրախուսէ մեզ որպէսզի առաջին հերթին մեր ապրելաձեւը փոխենք։ Հակառակ սպառողականութեան մշակոյթին, մարդ արարածը տակաւին կարող է բարեշրջել իր վիճակը։ Կենցաղի փոփոխութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կ’ընծայէ մեզի։ Երբ մենք ի վիճակի կ’ըլլանք դուրս գալու անհատականութենէն, ինքնաբերաբար տարբեր ապրելաձեւ մը կը զարգանայ, եւ այն ատեն կարելի կ’ըլլայ ընկերութեան մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը կատարել։ Դաստիարակչական նոր բանաձեւի մարզէն ներս նաեւ կարելի է առաջարկել դաշինք կնքելու, եւ կամ ուխտ կատարելու հաւանականութիւնը՝ մարդկութեան եւ զինք շրջապատող միջավայրին հետ, բնութեան հետ։ Ասոր կողքին աշխարհը կանչուած է նաեւ բնապահպանական փոխակերպումի, յեղաշրջումի։ Քրիստոնեայ հաւատքն ու հոգեխօսութիւնը հիմնական դրդապատճառներն են աշխարհը պահպանելու փափաքը սնուցանելու։

Չորրորդ կէտին մէջ, Քահանայապետը կը խօսի ուրախութեան եւ խաղաղութեան առաքինութիւններուն մասին, ըսելով թէ ժուժկալութիւնը, որ կ’ապրուի ազատութեամբ եւ գիտակցութեամբ, կրնայ մեզ ազատագրել, այնպէս ինչպէս երջանկութիւնը կը պահանջէ մեզմէ գիտնալ սահմանափակել որոշ պէտքեր կամ կարիքներ, որոնք կը տառապեցնեն մեզ։ Այսպէսով հակամէտ կ’ըլլանք կեանքին պարգեւած բազմաթիւ նոր կարելիութիւններուն եւ առաջարկներուն։ Աւարտին, մարդ արարածը հրաւիրուած է ունենալու քաղաքացիական եւ քաղաքական սէր։ Բնապահպանութիւնը կազմուած է նաեւ առօրեայ հասարակ շարժումներէ (gestes), որոնցմով կը կործանենք բռնութեան, շահագործման եւ անձնասիրութեան տրամաբանութիւնը։ Սէրը ընկերութեան հանդէպ եւ յանձնառութիւնն ու նուիրուածութիւնը հասարակաց բարիքին, մարդասիրութեան ու բարեգործութեան գերազանց միջոցներն են։ Ընկերութեան ծոցէն է որ ծնունդ կ’առնեն անհամար միաւորումներն ու ընկերակցութիւնները, որոնք կը գործեն յանուն հասարակաց բարիքին, պահպանելով բնական եւ քաղաքային միջավայրերը։

Այսօր՝ հինգ տարի ետք, այս հրաւէրը աւելի հրատապ է քան երբեք։ Քորոնա ժահրին հետեւանքով ստեղծուած տագնապը ապացուցեց թէ որքանով մեր միացեալ տունը՝ աշխարհը, խոցելի է, տկար ու թերի։ Ճիշդ է որ յանկարծակի մեկուսացումը մարդոց եւ առողջապահական կտրուկ որոշումները նաեւ ի յայտ բերին որ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեցուածքները տակաւին ի զօրու են այսպիսի ծանրակշիռ վիճակի մը դիմաց, սակայն ասոր կողքին շատ մը ձայներ բարձրացան թելադրելով օգտուիլ այս իրավիճակէն չվերադառնալու համար նախկին կենսակերպին։

Այսպիսի փորձանքի մը դիմաց, Աստուած կոչ կ’ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ըսելով. «Արթնցէ՛ք։ Տեսէ՛ք թէ որքանով դուք կախեալ էք իրարմէ, ոչ միայն դուք որ իրարու հետ կ’ապրիք միեւնոյն տան մէջ, միեւնոյն փողոցը, քաղաքը կամ երկիրը, այլ՝ նաեւ դուք որ տարբեր միջավայրերու եւ երկիրներու մէջ էք։ Տեսէ՛ք որքան կարիքն ունիք եղբայրասիրութեան։ Տեսէ՛ք որքանով կարեւոր է հոգ տանիլ ստեղծագործութեան՝ որպէսզի միացեալ առողջ ապագայ մը ունենաք»։

Այո՛, արթննանք։ Մինչ աշխարհը անսպասելի կերպով կանգ առաւ, հիմա վտանգը կայ որ ընկերային խառնաշփոթութեան ու անորոշութեան մատնուինք։ Իսկ աղքատները՝ ըլլան անոնք երկիրներ կան անհատներ, առաջին զոհերը պիտի ըլլան։ Արդեօք կարելի պիտի չըլլա՞ր անոնց հետ միասին համագործակցիլ վերագտնելու համար արժէքը մեր կեանքին ու կերտելու նոր աշխարհ մը՝ համերաշխ ու հաւասար։

Քանի որ կենսաբազմազանութեան փլուզումն անխուսափելիօրեն կը վատթարանայ, եւ կլիմայի արտակարգ իրավիճակները կը ճնշեն մարդկութեան վրայ, գիտնականները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդը, մեզ կը կանչեն ցնցիչ ոստում մը կատարելու: Գիտակցելու ենք այլեւս թէ բոլոր արարածներուն հետ միասին «միացած ենք աներեւոյթ կապերով եւ կը կազմենք ձեւով մը տիեզերական մէկ ընտանիք» (Օրհնեալ ըլլաս, 89)։

Հիմնականը այն է որ չկորսնցնենք քաջութիւնն ու յոյսը հակառակ բոլոր դանդաղկոտութիւններուն, վարանումներուն ու անորոշութիւններուն։ Թերեւս պահանջուած է մեզմէ նոյնիսկ ներում խնդրել այնքան անտեսած ըլլալնուս համար մեր պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները։ Սպառողականութիւնն ու մսխումը չափազանց տեղ գրաւած են մեր կեանքին մէջ, այնպէս որ կարծէք երջանկութիւնը անոնց մէջ սահմանափակուած է։ Պէտք է խրախուսել եւ քաջալերել իւրաքանչիւր մարդ արարած փոխելու իր կենցաղը, որպէսզի միանգամայն ըլլայ աւելի ժուժկալ, աւելի կայտառ եւ աւելի կեդրոնացած էականին վրայ։

Այն ինչ որ կը յուսադրէ մեզ այսօր տեսնել բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան մարդուն յանձնառու ըլլալու փափաքը, եւ ցանկութիւնը գործելու առանց որեւիցէ պարտադրանքի եւ ստիպողականութեան։

Մոլորակը մեզի յանձնուած ու վստահուած աստուածատուր պարգեւ մըն է։ Ստեղծագործութեան հոգատարութիւնը ամբողջական մաս կը կազմէ մեր հաւատքին։ Բնապահպանական մարտահրաւէրներուն դիմաց, յանձնառու ըլլալը գեղեցիկին, բարիին ու լաւին, միացեալ կարեւոր վկայութիւն մըն է, որ մարդ արարածին առիթ կ’ընծայէ իր մէջ վերագտնելու Աստուծոյ պատկերը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է։ Քորոնա ժահրին դիմաց, վախ կայ որ ընկերային անհաւասարութիւնները մեծնան, եւ տնտեսական վերականգնումը տեղի ունենայ առանց նկատի առնելու կլիմայի արտակարգ իրավիճակները։ Բայց նաեւ, հակառակ այս բոլորին, հսկայական հնարաւորութիւնները ունինք մեր երազած ու պահանջած ապագան կերտելու։ Ուրեմն մեզի կը մնայ հարց տալ թէ պատրա՞ստ ենք օգտուելու այս պահէն։

Սրբազան Քահանայապետը այս շրջաբերականը հրապարակեց «Օրհնեալ ըլլաս» խորագիրով, զայն քաղելով սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին հռչակաւոր «Արարածներուն երգը» աղօթքէն, որով կ’օրհնէ ամբողջ ստեղծագործութիւնը, ըսելով.

Բարձրեալն, Ամենակարող եւ Բարեգութ Տէր,

Քեզի գովք, փառք, պատիւ

եւ ամէն օրհնութիւն,

Քեզի միայն կը վայելեն, ով Բարձրեալն,

եւ ոչ ոք արժանի է քու անունդ տալու:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, բոլոր արարածներուդ հետ,

յատկապէս եղբայր Արեւին հետ,

որուն միջոցաւ մեզի կը պարգեւես օրը, լոյսը:

Գեղեցիկ է ան, մեծ փայլքով ճառագայթող,

եւ կը խորհրդանշէ Քեզ, ով Բարձրեալն:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, քոյր Լուսինին եւ աստղերուն համար.

Երկինքին մէջ դուն զանոնք կազմեցիր,

Պայծառ, թանկագին եւ գեղեցիկ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Հովին համար,

եւ օդին ու ամպերուն համար,

խաղաղ երկինքին եւ բոլոր եղանակներուն համար,

որոնց շնորհիւ դուն կենդանի կը պահես բոլոր արարածները:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր Ջուրին համար,

որ շատ օգտակար է, եւ շատ խոնարհ,

թանկագին ու մաքուր:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Կրակին համար,

որուն միջոցաւ կը լուսաւորես գիշերը.

գեղեցիկ է, եւ ուրախ,

անզուսպ եւ ուժեղ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր՝ մայր Հողին համար,

որ մեզ կը կրէ եւ կը սնուցանէ,

որ կ’արտադրէ պտուղներու այլազանութիւնը,

Երփներանգ ծաղիկներուն եւ խոտերուն հետ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, անոնց համար՝

որոնք կը ներեն քու սիրոյդ համար,

որոնք կը հանդուրժեն փորձանքներն ու հիւանդութիւնները:

Երջանիկ են եթէ պահպանեն խաղաղութիւնը,

որովհետեւ քեզմէ, ով Բարձրեալն, պիտի պսակուին:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ,

Մեր քոյր մարմնաւոր Մահուան համար,

որմէ ոչ մէկ կենդանի արարած կրնայ խուսափիլ:

Վա՛յ անոնց որոնք կը մեռնին մահացու մեղքով,

Երանի անոնց, զորս մահը անակնկալի կը բերէ քու կամքդ կատարելու պահուն,

Որովհետեւ երկրորդ մահը պիտի չկարենայ իրենց վնասել:

Գովեցէք եւ օրհնեցէք իմ Տէրս,

Գոհութիւն յայտնեցէք եւ ծառայեցէք անոր

ամենայն խոնարհութեամբ:

Աղբիւր՝ «Մասիս» պարբերաթերթ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 08:07