Ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն: Ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն:  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Բ)։

Ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն: Աստուածպաշտութիւնը այն ծառայութիւնն է, զոր կը մատուցանենք առ Աստուած:

Սիրելի ունկնդիրներ, Վատիկանի ռատիօժամէն  կը ներկայացնենք, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի պատրաստած հաղորդաշարը, որ կ'ընդգրկէ հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը:

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Ծիսական գիտելիքներուն նուիրուած հաղորդաշարի երկրորդ հանգրուանին՝ պիտի անդրադառնանք հայ եկեղեցւոյ ծէսի աստուածապաշտութեան տարողութեան և հասարակաց բնոյթին:

Ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն: Աստուածպաշտութիւնը այն ծառայութիւնն է, զոր կը մատուցանենք առ Աստուած: Աստուածպաշտութեան կարգը ամբողջութիւնն է այն բոլոր արարողութիւններուն և ծէսերուն, որոնք կը կատարուին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւորականին և հաւատացեալներու կողմէ, իբրեւ հաւաքական աղօթք և պաշտամունք:

Աստուածպաշտութիւնը ունի իր օրէնքները, բաղկացուցիչ տարրերը, կատարման ձեւերը, և իւրայատկութիւնը: Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսի ուղղած իր նամակին մէջ, աստուածպաշտութեան կարեւորութեան ակնարկելով, կ'ըսէ. «Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ՛ այս աշխարհի և թէ՛ հանդերձեալին մէջ» (Ա Տիմ Դ,8): Աստուածպաշտութեան բաղկացուցիչ մասերն են Աստուածաշունչ Մատեանը, հոգեւոր երգերը, շարականները, աղօթքները, սաղմոսասացութիւնը, սրբագործութիւնը և քարոզախօսութիւնը. ինչպէս նաեւ մարդու հոգեւոր կեանքին վրայ ազդող ամէն բան՝ սրբատեղիի լուսաւորութիւն, եկեղեցական երաժշտութիւն, թափօր, անդաստան, խնկարկութիւն եւլն:

Աստուծպաշտութիւնը արարքներու և աղօթքներու անկապ շարք մը չէ: Ընդհակառակը, անոնք պէտք է կատարուին ճշգրիտ և վայելուչ  կերպով, այնպէս որ յարգուին եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը ու անոր դարաւոր աւանդութիւնները: Եկեղեցւոյ ծէսը իր հարստութեամբ, երաժշտութեամբ և խորհրդաւորութեամբ պէտք է սերտօրէն կապուի մեր ներքին հոգեկան աշխարհին հետ:

Հայ Եկեղեցին Ե. դարէն սկսեալ՝ և հետագայ դարերուն, մշակած է կանոններ և յատուկ կարգաւորութեան մէջ դրած է աստուածպաշտութիւնը:

Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը փորձած են անհրաժեշտը տնօրինել, որպէսզի հայ Եկեղեցւոյ Աստուածպաշտութիւնը ըլլայ տպաւորիչ, վայելուչ և ներշնչող. Այնպէս որ ամէն քրիստոնեայ և թէ հայ հաւատացեալ օրուան խորհուրդով կարենայ հաղորդուիլ:

Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովի համաձայն. «Ծիսակատարումը գագաթնակէտն է Եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ան աղբիւրն է միանգամայն Եկեղեցւոյ զօրութեան, որովհետեւ իր առաքելական գործունէութիւններով, Եկեղեցին կը ձգտի ի մի խմբելու բոլոր անոնք որ, շնորհիւ իրենց հաւատքին և մկրտութեան, Աստուծոյ որդիներ կ'ըլլան, և մէկ մարմին դարձած են Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, միասնաբար կը գովաբանեն զԱստուած և կը բաժնեն Տիրոջ միեւնոյն ընթրիքը»:

Վաւերագրին համաձայն. «Ծիսակատարումը անհատական արարք մը չէ, այլ Ընդհանուր Եկեղեցւոյ պաշտօնի կատարումը, որ կ'ընդգրկէ Աստուծոյ համայն ժողովուրդը, համախմբուած և կազմակերպուած կերպով: Այս պատճառով՝ ծիսական արարողութիւնները կը պատկանին Եկեղեցւոյ ամբողջական Մարմինին և կը վերաբերին անոր իւրաքանչիւր անդամին:

Պատարագն ու խորհուրդները միջոցներ են, որ հաւատացեալը կը կապեն Քրիստոսին, քահանային միջնորդութեամբ և պաշտամունքի կատարումով: Երբ մին ներկայ է առանց միւսին՝ ծէսը անկատար է ու արդիւնքը՝ սահմանափակ:

Հաւաքական աղօթքները, որոնք կը կատարուին ժողովուրդի մասնակցութեամբ՝ ծիսական արարողութիւն կը համարուին: Ժամերգութիւնը կամ ժամակարգութիւնը, որ աղօթքներու, շարականներու եւ երգերու շարքն են, կը կատարուին օրուայ զանազան ժամերուն:  

ժամասացութիւնները կը կատարուին գիշերը, առաւօտուն, կէսօրը, երեկոյեան և հանգիստի չմտած: Կղերականները կրնան զանոնք անհատաբար աղօթել, սակայն սկզբունքով յղացուած ու գործադրուած են որպէսզի ժողովուրդն ալ, բացի Պատարագի ժամերէն, օրուայ զանազան ժամերուն պատեհութիւնը ունենայ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու:

Ժամերգութիւնը անսպառ աղբիւր մըն է հոգեւոր կեանքի, շնորհիւ իր աղօթքներուն և շարականներուն. ասոնք աստուածաբանական թանկագին հանք մը կը հանդիսանան և մեր հաւատքն ու ջերմերռանդութիւնը կը զօրացնեն: Դժբախտաբար այս օրերուն, ժամերգութիւնը առ հասարակ՝ կղերին կամ վանքերուն սահմանուած փակ պաշտամունք մը դարձած է: Երանի՜ թէ կարելի ըլլար զայն դարձնել սեփականութիւնը նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Եկեղեցւոյ շարք մը ծիսական գիրքերը. Ժամագիրք, Շարակնոց, Տօնացոյց, Տօնակարգ, Մաշտոց, ժողովուրդը եկեղեցւոյ կը մօտեցնեն, որովհետեւ հաւատացեալը ինք եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ եկեղեցական արարողութեան և աւելի՛ եւս կը հաղորդուի աստուածային շնորհքին: Այսպէս՝ նկատելի է ժողովուրդի մասնակցութիւնը շարականներու երգեցողութեան և մանաւանդ երբ Մեծ Պահոց շրջանին, Ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքները կ'արտասանուին. Ինչպէս պարագան է՝ «Առաւօտ Լուսոյ» և «Նայեա սիրով» շարականներուն, «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին, եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ» աղօթքի արտասանութեան:

Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2020, 07:13