Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 

«#ThankYouJohnPaul2» ձեռնարկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ։

Յովհաննէս Պօղոս Բ պատմել երիտասարդ սերունդին որ հնարաւորութիւն չունեցաւ մօտէն ճանչնալու զայն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

#ThankYouJohnPaul2  - Շնորհակալութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ  այս է Լեհաստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի՝ յառաջիկայ 18 մայիսին նշուելիք ծննդեան 100 ամեակին առթիւ կազմակերպած ձեռնարկին բանանը, որ կը կայանայ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակել երջանկայիշատակ Քահանայապետին հայող նկարներ, տեսերիզներ եւ խօսքեր, առ ի շնորհակալութիւն սուրբ Քահանայապետին ըրած բոլոր բարիքներուն համար։

«Այսպէսով մենք կարող ենք շնորհակալութիւն յայտնել Լեհ Քահանայապետին. բոլոր այն բաներուն համար զոր մտցուց մեր անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ Անոր հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն համար, անոր խօսքերուն համար եւ հրահրած ներշնչումներուն համար, զոր տակաւին կը շարունակէ հրահրել» յայտնեց Լեհաստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Արհիապատիւ Սթանիզլաւ Արքեպիսկոպոս Կատեչքին, որ ապա նշեց թէ այսպէսով մենք Յովհաննէս Պօղոս Բ կը պատմենք նաեւ երիտասարդ սերունդին որ հնարաւորութիւնը չունեցաւ զայն մօտէն ճանչնալու։

#ThankYouJohnPaul2  համացանցային ձեռնարկը ունի համաշխարհային բնոյթ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղած է ցանցի առաջին քահանայապետը ու մշտապէս իրազեկ եղած է թուային հաղորդակցութեան ուժին, մինչեւ այն աստիճան, որ ընկերային ցանցերը որակած է «ժամանակակից առաջին  Արէոսպագոսը»,  ընդգծելով հարկաւորութիւնը ոչ միայն զանոնք օգտագործել տարածելու համար քրիստոնէական պատգամն ու Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, այլեւ այդ պատգամները ընդելուզել այդ նոր մշակոյթին մէջ, որ ծնունդ առած է նորարար հաղորդակցութիւնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2020, 14:16