Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Մարդը Պարտուեցաւ, Աստուած Յաղթեց:

Աշխարհի չորս ծագերուն իր մանգաղին համազարկը միանգամայն զգալի դարձնող, միատեսակ այս համաճարակին յանկարծական յայտնութիւնը, քրիստոնեայ մարդուն կը կանխայուշէ մեր Տիրոջ Երկրորդ գալուստը, որ կայծակնային շողարձակմամբ պիտի փայլատակէ ակնթարթային աչխփուկով, Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք (Հմմտ Մտ 24.27):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Համաճարկով տագնապահար ներկայ մարդկութեան կեանքին մէջ ի յայտ եկած «Քորոնա» ժահրի աննախադէպ այս երեւոյթը, համաշխարհային նորօրինակ պատերազմի ահազանգ հնչեցուց Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Հիւսիսէն մինչեւ Հարաւ եւ դէպի «անհասանելի» ու «անձեռնմխելի» Արեւմուտք:

Աշխարհի չորս ծագերուն իր մանգաղին համազարկը միանգամայն զգալի դարձնող, միատեսակ այս համաճարակին յանկարծական յայտնութիւնը, քրիստոնեայ մարդուն կը կանխայուշէ մեր Տիրոջ Երկրորդ գալուստը, որ կայծակնային շողարձակմամբ պիտի փայլատակէ ակնթարթային աչխփուկով, Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք (Հմմտ Մտ 24.27):

Հոգեւոր արթնութեան կոչը, նախախնամական բազմապիսի միջամտութիւններով դարե՜ր շարունակ քարոզուած է մարդկութեան խուլ ականջներուն, բայց անոր լսողական խոռոչներուն խլութիւնը չբուժուեցաւ ո՛չ ալ փարատեցաւ մարդկութեան կեանքին հոգեկան այս ախտը: Ընդհակառակը, յառաջադէմ եւ գիւտաշատ վերջին հարիւրամեակի թաւալքին հետ, անհաւատութեան սուսկին քանակը մարդկային լսելիքներու մանուածապատ անցքերուն մէջ հետզհետէ աւելցաւ, իր կպչուն հոսքով ընկալուչ բոլոր բացուածքները անթափանց ծեփելով, ձայնային որեւէ ալիքի դիմաց:

Աշխարհին այնպէս թուացեր էր, թէ խուլերու ականջներուն լսողութիւն տալով եւ անոնց լեզուին կապանքները քակելով, Քրիստոս բուժած կ՛ըլլար համայն մարդկութիւնը հոգեւոր բոլոր տեսակի ախտաժէտութիւններէն: Անցեալ քսան դարերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ սակայն, թէ բազմաթի՜ւ նոր խուլեր, նոր համրեր, ինչպէս նաեւ ինքնահաւան ու ամբարտաւան եւ խստապարանոց նոր յամառներ ծնած են մարդկութեան ծոցէն, որոնք սերունդէ սերունդ տակաւին կը փորձեն թերագնահատել եւ արժեզրկել Աստուծոյ ամենազօր հրաշագործութիւնները, իրենց կատարած «մեծագործութիւն»ներուն հետ բաղդատելով զանոնք:

Աշխարհի մէջ շուրջ 200 երկիրներ իրենց սահմաններուն մէջ ծանօթ համաճարակէն վարակուածներ ունենալով, քաղաքացիները կը յորդորեն եւ նոյնիսկ տուգանքի խիստ միջոցներու դիմելով կը պարտադրեն տունը մնալ, այն կենդանիներուն նման, որոնք վտանգի ժամանակ իրենց ձագերը իրենց որջին կամ բոյնին մէջ կը հաւաքեն, զոր բնազդաբար ամէնէն ապահով թաքստոցը կը համարեն:

Սուրբ Յարութեան տօնը կամ Զատիկը քրիստոնեայ աշխարհին մեծագոյն տօնն է, որուն նախորդող քառասնօրեակը եւ մանաւանդ վերջին՝ Աւագ Շաբաթը, քրիստոնեայ մարդը կ՛առաջնորդէ վերատեսութեան ենթարկելու իր կեանքը եւ ապրելաձեւը, բարոյական արժէքներուն յատուկ տեղ տալու, իսկ նիւթական աշխարհի բոլոր արտայայտութեան ձեւերուն՝ ստորադաս տեղ:

Այս տարի ստիպողաբար փակեցինք մեր եկեղեցիներուն դռները, ժամ ու պատարագ կատարուեցան հեռասփռումով, օգտուելով համացանցի արդիական հնարաւորութիւններէն, որ սակայն, ըստ երեւոյթին, չբաւարարեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ծարաւը:

Եւ…

Յայտնուեցաւ հոգեկան անսպասելի արթնութիւնը մարդկութեան կեանքին մէջ, որու յայտնութեան եւ գործնական կեանքին մէջ գոյառման համար, անցեալ դարերու ընթացքին ծնկամաշ դարձած են բիւրաւոր սուրբեր, աղօթք ու արցունք իրարու միախառնելով:

Շատեր որոնք եկեղեցւոյ հասցէն իմացած ըլլալով հանդերձ՝ չէին կրնար կողմնորոշել անոր դրան ճիշդ տեղը, նոյնիսկ չէին լսած ամէն Կիրակի եկեղեցւոյ բեմէն քարոզուող Քրիստոսի Յարութեան Գաբրիէլեան շեփորաձայն պատգամը՝ «Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց» ահեղագոռ որոտումով՝ Անոր դատարկ գերեզմանին շէմէն, մեր եկեղեցիներուն մէջ սուրբ պատարագը վերսկսելու պաղատանօք, կաթոգին դիմեցին հայ հոգեւորականութեան…: Բայց Աստուած կը ներէ՞ անոնց: Անպայման: Այնպէս ինչպէս Աստուած անպայման պիտի ներէ մեր հոգեւորականութեան, որ մեր հաւատացեալներուն առողջութեան համար որոշ ժամանակ դադրեցուց եկեղեցական արարողութիւնները, նոյն գթասրտութեամբ ալ Ան անպայման պիտի ներէ անոնց, որոնք հոգեկան արթնութեամբ, այժմ կարօտագին ու լալագին, կ՛ուզեն վերադառնալ մեր եկեղեցւոյ հաւատքին գիրկը:

Վերջապէս, մարդը պարտուեցաւ, Աստուած յաղթեց:

Բացարձակ եւ անհերքելի ճշմարտութիւն:

Անցեալ մի քանի ամիսներու իրադարձութիւնները հաւատացեալ մարդուն վերյիշեցուցին Քրիստոսի այն խօսքը, զոր Ան ըսաւ երկմտութեան մատնուած իր աշակերտներուն, «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Մեզի այնպէս կը թուի, որ շատեր Քրիստոսի այս յաղթանակէն լուր իսկ չունէին ցարդ եւ նոր լսեցին այս աւետիսը: Ոմանց հոգեկան աչքերուն տկարութիւնը եւ մինչեւ իսկ կուրութիւնը չէր թողուր, որ անոնք տեսնէին այս բացայայտ յաղթանակը, որ երկու հազարամեակ առաջ մահուան վրայ Անոր տարած զօրեղ յաղթանակն էր՝ Յարութեամբ կնքուած:

Մեծէն մինչեւ փոքր, թագաւորէն, թագուհիէն եւ արքայազունէն մինչեւ ռամիկն ու բանուորը, նախագահէն մինչեւ քաղաքապետարանին կողմէ փողոցներուն համար վարձուած աւելածուն, գիտնականէն մինչեւ գիւղական դպրոցի պարզ ուսուցիչը, բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ երեսին վրայ բուսած աղուամազով հպարտացող դպրանոցի տիրացուն, ու վերջապէս բժիշկէն, հիւանդապահէն մինչեւ իսկ նոյնինքն մահուկենաց թէժ պայքարի սնարին մէջ տուայտող հիւանդը, միասնաբար ամօթահար Աստծու գութին յանձնուեցան, յայտարարելով իրենց անզօրութիւնը՝ Աստուծոյ զօրութեան դիմաց, եւ բոլորը միաբերան դիմեցին աղօթքի, երկնային միջամտութեան՝ հրաշքի կատարման…:

Այո՛, մարդը պարտուեցաւ, Աստուած յաղթեց: Մարդը ստիպողաբար համեստացաւ, իր կամքէն անկախաբար ծռեց իր հոգիին գոռոզութեան սէգ եւ միտքի ամենագիտութեան սին գլուխը, բայց Աստուած յաւիտեանս կայ ու կը մնայ միշտ իր հայրական անհուն եւ գթառատ սիրով, հանդէպ իր ստեղծած արարածներուն:

Իր նուաճած մոլորակները երթեւեկելու հնարաւորութիւն ունեցող մարդը, որ յաւակնութիւնն ունի այլ երկնային մարմիններու վրայ եւս կայաններ հաստատելու եւ տիեզերաթաւալ արբանեակներով անհուն անջրպետէն հսկողութիւն կատարելու Երկիր մոլորակին, իր սրտին մէջ անզգամօրէն խորհեցաւ, թէ կրնայ անվարան յայտարարել՝ «ես յաղթեցի աշխարհին»: Սակայն փաստուեցաւ, որ ան ինքնախաբէութեամբ օրօրուած էր իր ժանգոտած ու ճրճրացող օրօրոցին մէջ, քնաբեր իր երգը մրմնջալով աշխարհի ականջին:

Մարդը պարտուեցաւ, Աստուած յաղթեց, որովհետեւ Ան սկիզբէն յայտարարած էր, թէ ի՛նքն է տէրը աշխարհին, եւ մանաւանդ իր հրաշազան Յարութեամբ, Ան մարդու միտքէն պիտի փարատէր ամէնամեծ վախը՝ մահուան երկիւղը, ըսելով. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 07:48