Ղազարոսի յարութեան հրաշքի սրբապատկերը Ղազարոսի յարութեան հրաշքի սրբապատկերը 

Շաբաթ 4 Ապրիլ Յիշատակ Ղազարու յարութեան Աւետարան ըստ Յովհաննու (11, 55-12, 11)։

Զատկէն վեզ օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ ուր էր նաեւ Ղազարոս, որուն Յարութիւն տուած էր։ (Յովհ 12, 1)։

55 Մօտ էր Հրեաներու Զատիկը, որուն նախօրեակին, բազմաթիւ մարդիկ գիւղերէն Երուսաղէմ ելան՝ մաքրուելու համար։ 56 Տաճարին մէջ ուր կը հաւաքուէին, կը փնտռէին Յիսուսը եւ իրարու կը հարցնէին. «Ի՞նչ կը մտածէք, արդեօք տօնին պիտի չգա՞յ»։ 57 Իսկ քահանայապետներն ու փարիսեցիները հրահանգ տուած էին, որ եթէ մէկը իմանայ ուր կը գտնուի՝ իմացնէ, որպէս զի ձերբակալեն զինք։ 

1 Զատկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ ուր էր նաեւ Ղազարոս, որուն յարութիւն տուած էր ։ 2 Հոն՝ Յիսուսին ընթրիք մը պատրաստեցին: Մարթա կը ծառայէր, իսկ Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն մէկն էր։ 3 Մարիամ մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին իւղ առնելով, օծեց Յիսուսին ոտքերը եւ սրբեց զանոնք իր մազերով: Եւ տունը լեցուեցաւ իւղով։ 4 Այն ատեն աշակերտներէն մէկը՝ Յուդան Իսկարիովտացի, որ զինք պիտի մատնէր, ըսաւ. 5 «Ինչո՞ւ այդ անուշահոտ իւղը չծախեցին երեք հարիւր դենարի եւ չբաժնեցին աղքատներուն»։ 6 Ասիկա ըսաւ, ո՛չ թէ աղքատները հոգալու մտքով, այլ որովհետեւ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ մէջը դրուէր՝ զայն կը գողնար։ 7 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թողուցէք զինք. թաղումիս օրուանը համար պահած էր այդ անոյշ իւղը։ 8 Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։

9 Բազմաթիւ Հրեաներ, իմանալով որ Յիսուս Բեթանիա էր, եկան ո՛չ միայն Յիսուսը տեսնելու, այլ՝ նաեւ Ղազարոսը, զոր յարուցած էր մեռելներէն ։ 10 Իսկ քահանայապետները որոշեցին Ղազարն ալ սպաննել, 11 որովհետեւ Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային եւ կը հաւատային Յիսուսի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2020, 10:26