Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս 

Աղօթենք եւ ուխտենք Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման, մեր արդար դատի` պահանջատիրութեան յաղթանակի համար. Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս։

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օրուան առթիւ:

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուղերձ յղած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օրուան առթիւ:

«Սիրելի ժողովուրդ հայոց ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
այսօր ազգովի վերստին մեր խոնարհումը կը բերենք Հայոց Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հաւատքի եւ hայրենիքի:

Ցեղասպանութեան տարիներուն մեր ժողովուրդը տեսաւ մէկ եւ կէս միլիոն իր զաւակներու սպանդը, իր ազգային-հոգեւոր արժէքներու, մեր սրբավայրերու, վանքերու ու եկեղեցիներու, մեր գիւղերու ու քաղաքներու աւերումը, կորսնցուց իր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասը: Մեր նահատակները, ահաւոր տառապանքներու մէջէն անցնելով, «մասնակից դարձան Քրիստոսի չարչարանքներուն, կերպարանակից` Անոր մահուան, ժառանգակից Յարութեան» (հմմտ․ Փիլիպ. 3.10) եւ աննկուն մնալով հաւատքի մէջ` անպարտելի եղան ոգիով ու մահէն յաւիտենական կեանք փոխադրուեցան` արժանանալով սուրբերու անթառամ լուսեպսակին:

Սիրելիներ, այս տարի համավարակի պատճառով հնարաւորութիւն չունինք ուխտաւորաբար քալելու դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը, համախմբուելու մեր եկեղեցիներու մէջ եւ յուշակոթողներու առջեւ` մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու համար: Այս իրավիճակին մէջ ընտանեկան յարկերէն ներս եւ մեր նահատակներու անմար յիշատակի առջեւ հոգեւոր միասնութեամբ աղօթենք եւ ուխտենք` իրագործել ազգային նուիրական տեսիլքները ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջընթացի ու բարօրութեան, սփիւռքի առաւել շէնացման, Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման, մեր արդար դատի` պահանջատիրութեան յաղթանակի: Այս իղձերը կրնանք կեանքի կոչել ազգի ու հայրենեաց հանդէպ պարտքի ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, ազգային միաբանութեամբ եւ մեր ջանքերը միաւորելով` ի սէր հայրենեաց եւ հայոց լուսաւոր գալիքի:

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, կը հրաւիրենք այս նուիրական օրը միասիրտ աղօթքով հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած, որ յարուցեալ Քրիստոսի շնորհներուն եւ օրհնութեան ներքոյ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ ընթանայ մեր կեանքը, յաղթահարենք մեր առջեւ ծառացած առկայ փորձութիւնները, եւ Տիրոջ օրհնութիւնն ու խնամքը հովանի ըլլան մեր hայրենիքին ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդին այսօր եւ միշտ. Ամէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 07:30