Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ս. Զատկուան առիթով Ռայի պատրիարքին բարեմաղթութիւնները Իշխանութեան պետերուն։

Սուրբ Զատուայ տօնին առիթով, Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիաքը նագախահեց Սուրբ Պատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 12 ապրիլին,  Ս. Զատկուան առիթով Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Ս. Զատկուան ընթացքին եկեղեցին խաղաղութեան պատարագ կը կատարէ եւ այդ խաղաղութիւնը կը փոխանցէ ընտանիքներուն, ընկերութեան եւ հայրենիքին: Ան նշեց նաեւ, որ այս տօնը օրհնութեան տօն է, որ խաչով կը բաշխուի համայն աշխարհին եւ մարդկութեան:

Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ այս տօնին առիթով Պքերքէ կը ժամանէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, սակայն ան այս տարի նախընտրեց հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ փոխանցել շնորհաւորութիւնները եւ յանձնառու մնալ ընդհանուր զօրաշարժի եւ մեկուսացման որոշումին: Ան հաստատեց, որ իրենք կ’աղօթեն, որ լիբանանցի ղեկավարներն ու պետական պաշտօնատարները շարունակեն Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի բարեկարգման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մէկտեղեն իրենց ջանքերը` հեռու մնալով ժխտական կեցուածքներէ:

«Կոչ կ’ուղղենք լիբանանցի ժողովուրդին` յանձնառու մնալու ընդհանուր զօրաշարժին եւ բնակարանային մեկուսացման` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը եւ անոր տապալումը: Կ’աղօթենք բոլոր վարակուածներուն առողջութեան համար, համաճարակէն ապաքինածներուն, ինչպէս նաեւ վարակուածներուն հոգատարութեամբ զբաղող բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ ընտանիքներուն համար», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 09:19