Վերջին Ընթրիքը - Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքը - Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Քրիստոսի  

Հինգշաբթի 9 Ապրիլ 2020 Աւագ Հինգշաբթի (Մատթէոս ԻԶ. 17-30) - Տօն Մարմնոյ եւ Արեան Քրիստոսի

Այսօր տօնն է բոլոր աշխարհի մէջ գտնուող ու գործող քահանաներուն եւ վարդապետներուն, որոնք Աստուծոյ նուիրելով իրենք զիրենք, կամաւորապէս հրաժարեցան աշխարհէն, հոգեւոր սնունդ պատարստելու եւ պարգեւելու համար ժողովուրդին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր կը կատարենք յիշատակը հաստատումին երկու մեծ խորհուրդներու Եկեղեցւոյ. Ս. Հաղորդութեան եւ Քահանայութեան խորհուրդները: Վերջին ընթրիքի պահուն՝ զոր Յիսուս կատարեց շրջապատուած միայն իր առաքեալներով, ան օրհնեց հացը եւ գինին ու տուաւ զանոնք առաքեալներուն ըսելով. Առէք կերէք, ասիկա իմ մարմինս է, առէք խմեցէք, ասիկա իմ արիւնս է: Ահա առաջին սուրբ Պատարագը: Եւ ապա պատուիրեց իրենց եւ իրենց յաջորդներուն նոյն այս խորհուրդը, այսինքն՝ Ս. Պատարագը կատարել իրենց յանձնուած ժողովուրդին համար, մինչեւ աշխարհիս վերջը: Ահա հաստատուեցաւ քահանայութիւնը, որը նոյնպէս յաւիտեան է. Դու ես քահանայ յաւիտեան:

Այսօր տօնն է բոլոր աշխարհի մէջ գտնուող ու գործող քահանաներուն եւ վարդապետներուն, որոնք Աստուծոյ նուիրելով իրենք զիրենք, կամաւորապէս հրաժարեցան աշխարհէն, հոգեւոր սնունդ պատարստելու եւ պարգեւելու համար ժողովուրդին: Աղօթելու ենք ամէն օր իրենց համար, որպէսզի միշտ հաստատ մնան իրենց կոչման մէջ եւ առաջնորդեն իրենց յանձնուած ժողովուրդը դէպի երկնքի յաւիտենական երջանկութիւնը:

Այս օրերուս՝ աշխարհը կ'ապրի ահաւոր սարսափի մէջ: Սպառնալիքը կու գայ ոչ թէ պատերազմներէն, ոչ երկրաշարժէն, ոչ ալ ջրհեղեղի մը աղէտէն, այլ փոքր, աննշան ու անտեսանելի միքրոպէ մը, ժահրէ մը որ կը կոչուի Քորոնավիրուս: Մինչեւ երէկ տակաւին անհաւատալի բան մըն էր այս մէկը. Այսօր սակայն բոլոր աշխարհի մարդկութիւնը սոսկումով կը դողայ անոր առջեւ: Մահուան դռները լայն բացուած են եւ կը սպասեն կուլ տալու եւ բնաջնջելու համար բոլոր մարդկութիւնը:

Մեզի կ'իյնայ այսօր զգաստանալ եւ արթննալ, դուրս գալով մեր անտարբերութենէն կրօնքի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ, բարոյական եւ հոգեկան արժէքներուն հանդէպ: Մինչեւ ե՞րբ մեր եկեղեցիները պարապ պիտի մնան կիրակի օրերը: Այսօր՝ որ անոնք ստիպողաբար փակ են, վիրուսի պատճառաւ, արդէն շատեր սկսան պաղատիլ եւ հարց տալ մեզի թէ ե՞րբ պիտի բանայինք եկեղեցիները, որպէսզի գային աղօթքի. Շատերուն մէջ արթնցած է արդէն հոգեւորի ծարաւը:

Մեր հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը, չեմ սխալիր եթէ ըսեմ 85 առ հարիւրը, այսօր հեռացած է ոչ միայն եկեղեցիէն, այլ նաեւ կրօնքէն եւ հաւատքէն. Եթէ մտիկ կ'ընէք ինծի հիմա, խղճի իրատես քննութիւն մը ըրէք, հարց տալու համար դուք ձեզի թէ ո՞րքանով դուք ձեզ կը սեպէք տակաւին քրիստոնեայ, շաբթուան մէջ քանի՞ անգամ ձեր ձեռքը կը տանիք դէպի ձեր երեսը, խաչակնքելու համար, քանի՞ անգամ կը շարժէք ձեր շրթունքները, աղօթելու համար, տարին քանի՞ անգամ եկեղեցի կ'երթաք...:

Փոքրիկ միքրոպ մը մեզ ամէնքս ծունկի բերաւ, ստիպեց մեզ հրաժարելու մեր բոլոր վայելքներէն եւ աշխարհային զբաղմունքներէն, մեզ բանտարկեց մեր տուներուն մէջ եւ տակաւին չենք ալ գիտեր թէ ինչ տեսակ նորանոր փորձանքներ պիտի գան մեր գլխուն, բոլոր աշխարհի գլխուն: Այսպիսի մեծ աղէտներու առջեւ, Եկեղեցին  մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարելու, դարձի գալու, զղջալով մեր յանցանքներուն վրայ եւ խոստանալով այսուհետեւ աւելի կարեւորութիւն տալու մեր հոգւոյն, աւելի կատարեալ դառնալու մեր սիրոյն մէջ հանդէպ մեր ընկերոջ եւ միշտ բարիք գործելու մեր շուրջը: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2020, 07:14