Ծիծեռնակաբերդ Ծիծեռնակաբերդ 

Ապրիլ 24-ին նոյն ժամուն պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը, դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ

Նոյն օրը ժամը 12:00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը` Ապրիլ 24-ին, ժամը 10:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Նոյն օրը ժամը 12:00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները` համաճարակի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, նուիրական այս օրը իրենց տուներուն մէջ աղօթակից ըլլան հոգեւոր դասին եւ միաբան ու միասիրտ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած` աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին առողջ ու անվտանգ կեանքին եւ մեր հայրենիքին խաղաղութեան ու բարօրութեան համար»,- ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած ծանուցումին մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 20:09