Սուրբ երկիր Սուրբ երկիր 

Սուրբ Երկրի մէջ աղօթք աշխարհի հիւանդներուն առողջութեան դիտաւորութեամբ:

Աղօթք կը կատարուի նաեւ Փանիկի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 15 մարտին, ի տես աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ Քորոնա ժահրի դէմ բուռն պայքարին, Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան մէջ տեղի կ՝ունենայ աղօթք հայցելու համար Աստուածային ողորմութիւնն ու զօրութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Նախատեսուած է, որ աղօթքը տեղի ունենայ Երուսաղէմին Պատրիարքութեան մայր տաճարէն ներս յետմիջօրէին՝ ժամը 5,00ին: Աղօթքի  իր մասնակցութիւնը կը բերէ առաքելական կառավարիչ՝ գերապայծառ Փիերպաթիստա Փիցցապալլա ինչպէս նաեւ պատրիարքութեան հասարակութիւնը:

Համայն աշխարհի հիւանդներուն առողջութեան դիտաւորութեամբ եւ Աստուածային ողորմութիւն հայցելու համար կազմակերպուած աղօթքին կարելի է հետեւիլ Սուրբ Երկիր Լատին Պատրիարքութեան պաշտօնական դիմատետրին միջոցաւ:

Յայտնենք, թէ կիրակի 15 մարտին, Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս  եւս Սուրբ եւ անմահ պատարագ կը մատուցուի, որմէ անմիջապէս յետոյ տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն եւ թափօր, համայն աշխարհի հիւանդներուն  առողջութեան դիտաւորութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2020, 10:40